Յուլիս 2էն 4, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի 4րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարը, որու ծիրին մէջ նախատեսուած են 18 ձեռնարկներ: Այս առթիւ Հայաստան պիտի ժամանեն աշխարհի տարբեր անկիւն ներէ շուրջ 2000 բժիշկներ:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ կայանալիք համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբի նիստին, համագումարի նախագահ Արա Բաբլոյեան նշած է, որ կայանալիք հաւաքի ընթացքին լուարձակները յատկապէս պիտի կեդրոնանան սրտաբանութեան վրայ։
«Սրտաբանութեան երեք ուղղութիւններով մասնակցութեան ամենամեծ ակտիւութիւնն է կանխատեսւում։ Եթէ միւս ոլորտներում սաթելիտային սիմպոզիումների համար յատկացուած է մէկ օր, ապա սրտաբանութեանը նուիրուած երեք միջոցառում տեղի կ՚ունենայ»,- նշած է Բաբլոյեան:
Կազմակերպիչներէն Մկրտիչ Աւագեան յայտնած է, որ Յուլիս 2ին նախատեսուած են լիագումար նիստեր եւ զեկոյցներ՝ նուիրուած սրտաբանութեան, Յուլիս 3ին մասնագէտները աշխատանքները պիտի շարունակեն «Նորք Մարաշ» բժշկական կեդրոնին մէջ, իսկ Յուլիս 4ին Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանին մէջ։
Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան՝ ամփոփելով խորհրդակցութիւնը, ընդգծած է, որ սրտաբանութիւնը մեր առողջապահական համակարգի ամէնէն զարգացած եւ հեռանկարային ուղղութիւններէն մէկն է, իսկ այս ծրագիրը ունի ընկերային լուրջ արժէք ու տարողութիւն:
Չորս տարին անգամ մը Հայաստանի մէջ կազմակերպուոող Միջազգային Բժշկական Համագումարի ծիրին մէջ կը նախատեսուի միջազգային ճանաչում ունեցող փորձագէտներու եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայ բժիշկներու եւ հիւանդապահներու մասնակցութիւնը: