Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տան մաս­նա­գէտ­նե­րը, «­Նա­յի­րիտ» գոր­ծա­րա­նին վե­րա­բե­րող հա­շո­ւեքն­նու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն հի­ման վրայ, ե­կած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ զայն կրկին շա­հա­գործ­ման յանձ­նե­լը տնտե­սա­պէս շա­հա­ւէտ չէ: Ա­նոնք գոր­ծա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ ցած են ու­սում­նա­սի­րու­թեան նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը, ուր նշո­ւած են «­Նա­յի­րիտ»ի աշ­խա­տան­քի հիմ­նա­կան բնու­թագ­րիչ­նե­րու վեր­լու­ծու­թիւ­նը եւ հիմ­նա­ւո­րում, որ գոր­ծա­րա­նը թեք­նիք ի­մաս­տով պատ­րաստ չէ վե­րա­գոր­ծարկ­ման:

­Հա­կա­ռակ այս բա­ցա­սա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան՝ «­Նա­յի­րիտ»ի մաս­նա­գէտ­նե­րը վստահ են, որ կա­րե­լի է գոր­ծա­րա­նը մաս­նա­կի կեր­պով աշ­խատց­նել՝ նոյ­նիսկ ներ­կայ թեք­նիք տո­ւեալ­նե­րով, ե­թէ ո­րոշ ներդ­րում­ներ կա­տա­րո­ւին։ ­Գոր­ծա­րա­նին մէջ կա­յա­ցած քննարկ­ման ըն­թաց­քին «­Նա­յի­րիտ»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Ռու­բէն ­Սա­ղա­թե­լեան յայտ­նած է, որ, ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մա­ձայն, գոր­ծա­րա­նի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը գե­րա­զան­ցեն 121 մի­լիառ դրա­մը (շուրջ 250 մի­լիոն տո­լար), ո­րուն մէջ կայ նաեւ Ա.Պ.Հ. ­Միջ-պե­տա­կան Դ­րա­մա­տան չմա­րուած վար­կը:

«2010 թո­ւա­կա­նից յե­տոյ, երբ գոր­ծա­րա­նը չի աշ­խա­տել, այն ո­րե­ւէ ե­կա­մուտ չի ստա­ցել եւ աշ­խա­տա­վար­ձե­րի վճար­ման ու գոր­ծա­րա­նի պահ­պա­նու­թեան հա­մար ա­պա­ւի­նել է Ե­րե­ւա­նի ­Ջէ­կի փո­խա­ռու­թիւն­նե­րին: Ե­րե­ւա­նի ­Ջէ­կին «­Նա­յի­րիտ»ի պարտ­քը շուրջ 23 մի­լիառ դրամ է: Հ.Բ. մաս­նա­գէտ­նե­րը եզ­րա­կա­ցու­թեան մէջ նշում են, որ ե­թէ ստեղ­ծո­ւած վի­ճա­կին լու­ծում չտրո­ւի, ա­պա «­Նա­յի­րիտ»ը կը շա­րու­նա­կի ծանր բեռ մնալ ե­լեկտ­րաէ­ներ­գե­տի­կա­յի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րի վրայ»,- ը­սած է ­Սա­ղա­թե­լեան: