Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ պահ­պանուած եւ մե­զի հա­սած ո­րե­ւէ վկա­յու­թիւն, նա­մակ, լու­սանկար կամ բա­ցիկ շա՛տ կա­րե­ւոր են այդ շրջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար:

Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոն հա­մալրուած է բազ­մա­թիւ ար­ժէ­քա­ւոր նմոյշ­նե­րով, ո­րոնք ձեռք բե­րո­ւած են ան­հատ­նե­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան եւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ: Այս ա­ռու­մով, ա­ւան­դոյթ դար­ձած է «­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.»-ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նին հետ: «­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.»ի գլխա­ւոր տնօ­րէ­նի ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, նա­խա­պէս ձեռք բե­րո­ւած են թան­գա­րա­նա­յին ե­զա­կի միա­ւոր­ներ: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի պատ­կեր­նե­րով եւ հայ­կա­կան նիւ­թե­րով հնա­տիպ բա­ցիկ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ, հա­զո­ւա­գիւտ աղ­բիւ­րա­գի­տա­կան գրա­կա­նու­թիւն, պատ­մա­կան վա­ւե­րա­գիր­ներ` Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յե­րու նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան մա­սին, հայ գաղ­թա­կան­նե­րը պատ­կե­րող բնօ­րի­նակ լու­սան­կար­ներ, մին­չեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ա­րեւմ­տա­հայ կեան­քին վե­րա­բե­րող ի­րեր, նա­մակ­ներ, նա­մա­կա­նիշ­ներ, յայտ­նի հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու լու­սան­կար­ներ եւ հնա­տիպ թեր­թեր:

Ն­մոյշ­նե­րուն զգա­լի մա­սը կա­րե­լի ե­ղած է հայ­թայ­թել լո­սան­ճե­լը­սաբ­նակ ա­մե­րի­կա­հայ հայր եւ որ­դի Օ­հան­նէս եւ Հ­րաչ Հան­նէ­սեան­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ: «­Շի­րակ» տպագ­րա­տան սե­փա­կա­նա­տէր Հան­նէ­սեան ըն­տա­նի­քը տա­րի­ներ շա­րու­նակ հա­ւա­քած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը վա­ւե­րագ­րող ար­ժէ­քա­ւոր նիւ­թեր, ո­րոնք այ­սօր հան­րու­թեան հա­սա­նե­լի են: Այս ան­գամ եւս Ռալֆ Եի­րի­կեա­նի եւ Հ­րաչ Հան­նէ­սեա­նի ջան­քե­րով ձեռք բե­րո­ւած եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նին յանձ­նո­ւած են ար­ժէ­քա­ւոր նմոյշ­ներ: