Բացման խօսքին մէջ Արցախի Պետական Պատմաերկրագիտական Թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեան կարեւորած է նման ձեռնարկները եւ յոյս յայտնած, որ անիկա շարունակական բնոյթ կ’ունենայ: «Ակնյայտ է, որ այսօր շարունակւում են կազմակերպել միջոցառումներ՝ նուիրուած Ցեղասպանութեանը, եւ այդ ցուցահանդէսներում ակնյայտ ներկայացւում է Թուրքիայի ջարդարարական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Մ. Բալայեան: Լ.Ղ.Հ. Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան հարցերի նախարար Նարինէ Աղաբալեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Ս. Կարապետեանին, նման հայրենանուէր գործի համար: