Լ.Ղ.Հ. նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ՝ հանդիպումին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խումբի ծիրէն ներս, նաեւ ընդգծած է բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն համարելով գործընթացի առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:
Լ.Ղ.Հ. նախագահը նաեւ մատնանշած է Ատրպէյճանի կողմէ վարուող խիստ ապակառուցողական քաղաքականութիւնը՝ Պաքուի պահուածքը որակելով որպէս տարածաշրջանի մէջ կայունութեան սպառնալիք, միջազգային չափորոշիչներու ու սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարում:
Հանդիպումին մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ, պաշտօնատար այլ անձիք: