Հայաստանն ու Սերպիան կ՛աշխուժացնեն բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը: Արդէն աշխատանքներ կը տարուին Երեւանի եւ Պելկրատի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հաս տատման ուղղութեամբ:
«Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ Յունիս 3ին, Հայաստան ժամանած Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահ եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, այս մասին յայտնած է Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
«Հայաստանը եւ Սերպիան, հայերն ու սերպերը եղբայրական երկրներ եւ ժողովուրդներ են: Պատմութեան ընթացքում բազմաթիւ են դրուագները, երբ հայը եւ սերպը, փոխադարձ համերաշխութեան դրսեւորմամբ, ծանր պահերի միմեանց ձեռք են մեկնել: Մենք երկուստեք կարեւորում ենք Հայաստանը եւ Սերպիան կապող դարաւոր բարեկամութիւնը»,- ըսած է Նալպանտեան՝ յատկապէս կարեւորելով Սերպիոյ նախագահ Տոմիսլաւ Նիկոլիչի մասնակցութիւնը Ապրիլ 24ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակի արարողութեան:
Հ.Հ. արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքով՝ հանդիպման ընթաքին ստորագրուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ փոխ-գործակցութեան մասին յուշագիր, որով կը նախատեսուի պարբերական քաղաքական խորհրդակցութիւններու իրականացում:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, տնտեսական, մշակութային եւ միջ-խորհըրդարանական կապերու ամրապնդման հետ կապուած հարցեր: Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ Հայաստան ժամանած է Յունիս 3ին: Ասիկա անոր առաջին այցն է Երեւան:
Նախքան Հայաստան այցելելը, Տաչիչ Մայիս 31ին այցելած է Ատրպէյճան, ապա՝ Վրաստան: