Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յու­նիս 5էն 25, Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­մէ» պատ­կե­րաս­րա­հի «­Մաշ­տոց» մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ գե­ղան­կա­րիչ Ժան­սե­մի (­Յով­հան­նէս Սե­մեր­ճեա­նի) աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը: Պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին 45 աշ­խա­տանք­ներ (12 իւ­ղա­ներկ կտաւ, 13 գծան­կար եւ 20 վի­մագ­րու­թիւն):

Այս մա­սին՝ ըստ NEWS.amի՝ յայտ­նած է «Ա­րա­մէ» պատ­կե­րաս­րա­հի տնօ­րէն Ա­րամ Սարգ­սեան: Ցու­ցա­հան­դէ­սին նա­խա­պատ­րաս­տու­մը եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է: Ցու­ցադ­րո­ւող գոր­ծե­րուն մէկ մա­սը պատ­կե­րաս­րա­հը տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ձեռք բե­րած է Ժան­սե­մի ըն­տա­նի­քէն, ո­րոշ մա­սը՝ եւ­րո­պա­կան տար­բեր ա­ճուրդ­նե­րէ, շարք մը գոր­ծեր ալ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս նե­րա­ռո­ւած են մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծու­նե­րէ՝ յա­տուկ այս ցու­ցա­հան­դէ­սին հա­մար:

Ն­կար­նե­րու մեծ մա­սը հայ ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով: Ա­տոնք ո­րո­շա­կի պատ­կե­րա­ցում կու տան Ժան­սե­մի ան­ցած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղիի տար­բեր փու­լե­րուն եւ իւ­րա­յատ­կու­թեանց մա­սին: