Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Չե­խիա գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ­Յու­նիս 2ին տե­սակ­ցե­ցաւ այդ երկ­րի խորհըր­դա­րա­նի ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ­Տան նա­խա­գահ Եան ­Հա­մա­չե­քի հետ: ­Տե­սակ­ցու­ թեան ըն­թաց­քին ­Հա­մա­չեք նշեց երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կը եւ կա­րե­ւոր նկա­տեց ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ հայ-չե­խա­կան կա­պե­րը ա­ւե­լի խո­րաց­նե­լու եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աշ­խու­ժաց­նե­լու ա­ռու­մով:

Հայ-չե­խա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման եւ խո­րաց­ման ա­ռու­մով բարձր գնա­հա­տուե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Չե­խիա: ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ­Տան նա­խա­գա­հը, կա­րե­ւոր նկա­տե­լով միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու խո­րա­ցու­մը, անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը նաեւ տնտե­սու­թեան մար­զին մէջ: Եան ­Հա­մա­չեք կա­րե­ւոր նկա­տեց գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը, նաեւ, Ա­րե­ւե­լեան ­Գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծի­րէն ներս: Յ. Աբ­րա­հա­մեան իր կար­գին նշեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Չե­խիոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը աշ­խու­ժա­ցած են: Ան կա­րե­ւոր նկա­տեց խորհրդա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դե­րը եւ հայ-չե­խա­կան միջ-խորհըր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց ա­ռեւտ­րա­կան-տնտե­սա­կան կա­պե­րու հե­տա­գայ աշ­խու­ժա­ցու­մը եւ զար­գա­ցու­մը: Վար­չա­պե­տը նշեց, որ ­Չե­խիա Եւ­րո­պա­յի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մէկն է, եւ կա­րե­ւոր նկա­տեց Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծի­րին, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այլ ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը: Յ. Աբ­րա­հա­մեան նշեց, որ հայ­կա­կան կող­մը բարձր կը գնա­հա­տէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն ­Չե­խիոյ ­Ծե­րա­կոյ­տի եւ ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ­Տան պատուի­րա­կու­թեանց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ­Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ­Բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նե­լու հա­մար: