1989 թուականին Երեւան ծնած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ախոյեանութեանց գեր-ծանր ծանրութեան կարգի մրցանակակիր Էդուարդ Սողոմոնեան, որ 2012 թուականէն ի վեր կը բնակի Պրազիլ, արժա նացած է 2016ին Ռիօ Տէ Ժաներոյի ողիմպիական խաղերուն Պրազիլը ներկայացնելու մեծ պատիւին: Ան այս տարի դարձած է առաջին արտասահմանցի ըմբիշը, որուն Պրազիլի քաղաքացիութիւն շնորհուած է: Սողոմոնեան այսուհետեւ միջազգային մրցումներուն հարաւ-ամերիկեան այս երկիրը պիտի ներկայացնէ: Հայ ըմբիշը վերջերս մասնակցած է ըմբշմարտի 2015ի Պրազիլի ախոյեանութեան եւ գեր-ծանր` 130 քկ. ծանրութեան կարգին մէջ նուաճած է երկրի ախոյեանի տիտղոսը: Սողոմոնեան՝ պարտութեան մատնելով իր բոլոր մրցակիցները՝ հասած է երզափակիչ, ուր առաւելութեան հասած է նաեւ Իսահակ Սաւեսի նկամամբ եւ նուաճած է ստուգատեսի ոսկէ մետալը: