Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Հ.Յ.Դ. Նի­կոլ Աղ­բա­լեան Ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րուն ան­դամ­նե­րը, նա­խան­ցեալ օր, կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին առ­ջեւ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բարձ­րաց­ման դէմ բո­ղո­քի ցոյց կա­ տա­րած են՝ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն պա­հան­ջե­լով, որ կա­սեց­նեն ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բարձ­րա­ցու­մը եւ վե­րահս­կո­ղու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նեն Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան ծախ­սե­րուն նկատ­մամբ:

«­Կը պա­հան­ջենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն եւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կան­խել հո­սան­քի սա­կի ա­պօ­րի­նի բարձ­րա­ցու­մը, որ պի­տի ըլ­լայ մեր ժո­ղո­վուր­դի գրպա­նի հաշ­ւոյն: Հա­յաս­տա­նի ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան զե­խու­թեանց հա­մար մենք պատ­րաստ չենք վճա­րե­լու: Ա­նոնք ի­րենց հարս­տու­թիւն­նե­րուն եւ ճո­խու­թիւն­նե­րուն մէջ չեն պատ­կե­րաց­ներ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ 35 տո­կոս աղ­քա­տու­թիւն կայ եւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բարձ­րա­ցու­մը ա­ւե­լի պի­տի աղ­քա­տաց­նէ աղ­քատ հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ար­տա­գաղ­թի նոր ա­լիք պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ, պի­տի քայ­քա­յէ պե­տու­թիւ­նը»,- կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մօտ բարձ­րա­խօ­սով յայ­տա­րա­րած է Հ.Յ.Դ. Նի­կոլ Աղ­բա­լեան Ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան ան­դամ Մես­րոպ Ե­սա­յեան:

Այ­նու­հե­տեւ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. Նի­կոլ Աղ­բա­լեան Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, «Ո՛չ հո­սան­քի թան­կաց­ման» պաս­տառ­նե­րով եւ բարձ­րա­ձայն կո­չե­րով, ուղղուե­ցան դէ­պի հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­խում­բին շէն­քը եւ, ցոյ­ցի ըն­թաց­քին, բնակ­չու­թեան կոչ ուղ­ղե­ցին դուրս գա­լու բնա­կա­րան­նե­րէն եւ մաս­նակ­ցե­լու բո­ղո­քի ցոյ­ցին: Պա­հան­ջա­գիր-նա­մակ յանձ­նուե­ցաւ նաեւ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին: