Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեանի շուրջ 6 ամիս տեւած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, 26 Մայիսին Հայաստան բերուած է Պոլսոյ բազմաթիւ բարձրարժէք եւ յայտնի շէնքերու հեղինակ Պալեան ճարտարապետական գերդաստանի արխիւը (նախագիծեր, լուսանկարներ եւ գրաւոր նիւթեր):
Բացառիկ այս ժառանգութեան հետ ճարտարապետներ Լեւոն, Յովհաննէս եւ Արմէն Կուրեղեաններու, անծանօթ հեղինակներու 1900-1904 թուականներու հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններու լուսանկարներու արխիւը եւս իտալաբնակ հայ ճարտարապետ Արմէն Կուրեղեանի կողմէ իբրեւ նուէր յանձնուած է Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան։