Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Մայիս 26ին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած է Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցած է վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունած է Նալբանդեանը, որուն ընկերակցած է Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկ-կողմանի յարաբերութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունած է Նալբանդեանը, որուն հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկ-կողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին աւարտին Պըրրի եւ Նալպանտեան փոխանակած են յուշանուէրներ:
Նալպանտեան Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին, Պասիլ շեշտած է, որ այս տարի Հայաստան եւ Լիբանան միացեալ կերպով բաժնած են մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի յիշատակը, սկսեալ ջարդերէն, հասնելով մինչեւ տեղահանութեան եւ սովի ենթարկումը, որ գործուած էր հայոց եւ լիբանանցիներուն դէմ:
Նալբանդեան ընդգծեց Միջին Արեւելքի միլիոնաւոր գաղթականներուն կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց օրապահիկը ապահովելու կարեւորութիւնը: «Քննարկեցինք նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան համար Հայաստանի, Լիբանանի, Ռուսիոյ եւ Վատիկանի նախաձեռնութեամբ Մ.Ա.Կ.ի մէջ անցեալ Մարտին տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումին մանրամասնութիւնները, որոնց լոյսին տակ ընդգծեցինք այդ ուղղութեամբ կատարուելիք միացեալ աշխատանքին կարեւորութիւնը»,- ըսաւ Նալպանտեան: