Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Սի­մո­նեան» Կր­թա­կան Հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, եր­րորդ «­Թու­մօ» կեդ­րո­նի բա­ցու­մը կա­յա­ցած է Գիւմ­րիի մէջ: «Ար­մէնփ­րես»ի փո­խանց­մամբ` սկզբնա­կան շրջա­նին կեդ­րո­նը պի­տի գոր­ծէ Գիւմ­րիի տեխ­նո­լո­գիա­ կան կեդ­րո­նի տա­րած­քին, իսկ հե­տա­գա­յին կը նա­խա­տե­սո­ւի զայն տե­ղա­փո­խել Գիւմ­րիի թատ­րոն:

«­Սի­մո­նեան» Կր­թա­կան Հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Մա­րի Լու Փա­փա­զեան յոյս յայտ­նած է, որ թատ­րո­նի շէն­քին վե­րա­նո­րո­գու­մը պի­տի կա­յա­նայ մօտ ա­պա­գա­յին, եւ կեդ­րո­նը լիար­ժէք պի­տի գոր­ծէ: Փա­փա­զեան կը շեշ­տէ, որ Գիւմ­րիի «­Թու­մօ»ն գ­րե­թէ ո­չին­չով կը զի­ջի Ե­րե­ւա­նի եւ Դի­լի­ջա­նի «­Թու­մօ»նե­րուն եւ ի­րենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նեն, որ կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ար­հես­տա­գի­տա­կան յա­գե­ցո­ւա­ծու­թիւ­նը եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ըլ­լան հա­ւա­սար:

Յու­նի­սէն Գիւմ­րիի «­Թու­մօ»ի ան­դամ դառ­նա­լու հա­մար տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն, իսկ դա­սըն­թացք­նե­րը պի­տի սկսին Սեպ­տեմ­բե­րին: Սկզբ­նա­կան շրջա­նին տա­րած­քը պի­տի նե­րա­ռէ 60 աշ­խա­տան­քա­յին կէտ, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ հիւ­րըն­կա­լե­լու մին­չեւ 1000 ու­սա­նող:

Այժմ «­Սի­մո­նեան» Կր­թա­կան Հիմ­նադ­րա­մը աշ­խա­տան­քեր կը տա­նի Ս­տե­փա­նա­կէ­տի մէջ «­Թու­մօ» կեդ­րո­նի ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ: Կը նա­խա­տե­սո­ւի մին­չեւ Սեպ­տեմ­բեր ա­ւար­տին հասց­նել շի­նա­րա­րու­թիւ­նը եւ «­Թու­մօ Ս­տե­փա­նա­կերտ»ը իր դռնե­րը բա­նայ ար­ցախ­ցի 1000 պա­տա­նի­նե­րու առ­ջեւ:

«­Թու­մօ»­ իր վրայ ա­ռա­քե­լու­թիւն վեր­ցու­ցած է տա­րա­ծո­ւե­լու եւ հա­սա­նե­լի դառ­նա­լու ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար: Կեդ­րո­նը մշտա­պէս կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի ո­լոր­տի մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջա­տար մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ, ո­րոնք կ­՛այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան` ի­րենց փոր­ձը կի­սե­լու հա­մար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ:

Այ­սօր Ե­րե­ւա­նի «­Թու­մօ» կը յա­ճա­խէ 12-18 տա­րե­կան 6000 պա­տա­նի: Կեդ­րո­նի հիմ­նադ­րու­մէն ետք «­Թու­մօ»ի ու­սում­նա­կան ծրագ­րին մէջ ընդգր­կո­ւած է 12 հա­զար պա­տա­նի: Գիւմ­րիի «­Թու­մօ» կեդ­րո­նի ստեղծ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի: 2014 թո­ւա­կա­նի Հոկ­տեմ­բեր 7ին «­Շանթ» հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան կազ­մա­կեր­պած մա­րա­թօ­նի ար­դիւն­քով հան­գա­նա­կո­ւած էր 250 հա­զար տո­լար, որ տրա­մադ­րո­ւած է կեդ­րո­նին: