Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Լո­ռիի մար­զի եւ Շո­ւէ­տի Ուփ­սա­լա նա­հան­գի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռանկար­նե­րը քննար­կե­լու նպա­տա­կով Հա­յաս­տան կը գտնուի Ուփ­սա­լա­յի նա­հան­գա­պետ Փի­թըր Է­կարդ­տ, ո­րուն ըն­դու­նած է վար­չա­ պետ Յ. Աբ­րա­հա­մեա­ն:

Կա­ռա­վա­րու­թեան տե­ղե­կա­տը­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ վար­չա­պե­տը կա­րե­ւո­րած է եր­կու եր­կիր­նե­րու, տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը, որ կը նպաս­տէ հայ–շո­ւէ­տա­կան ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու աշ­խու­ժաց­ման եւ առ­կայ նե­րու­ժի լիար­ժէք ի­րաց­ման: Աբ­րա­հա­մեան նշած է, որ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եր­կիր­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը, եւ այս ա­ռու­մով Շո­ւէ­տ կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր է:

Է­գարդ­տ ընդգ­ծած է, որ Շո­ւէ­տ կը կա­րե­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի` որ­պէս Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Գոր­ծըն­կե­րու­թեան երկ­րի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը եւ այդ նպա­տա­կով գործ­նա­կան քայ­լե­րու ձեռ­նար­կու­մը: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կած են տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծա­ւալ­ման եւ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման շուրջ: Քն­նար­կո­ւած են, մաս­նա­ւո­րա­պէս, կրթու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան ո­լորտ­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման եւ տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին մէջ առ­կայ փոր­ձի փո­խա­նակ­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Իր հեր­թին, Լո­ռիի մարզ­պետ Ար­թուր Նալ­պան­տեա­ն վար­չա­պե­տին ներ­կա­յա­ցու­ցած է նա­հան­գա­պե­տին հետ քննարկ­ման ար­դիւնք­նե­րը եւ ձեռք բերուած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը: