«Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ամենամեայ նիստի ծիրէն ներս, Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը` կազմուած հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէ, բարերարներէ` գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, Մայիս 20ին մեկնարկած է իր վեցօրեայ հաշուետու այցելութիւնները՝ արցախեան եւ հայաստանեան ծրագիրներ:
Պատուիրակութիւնը Արցախ ուղեւորուած է Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհով, որուն ասֆալտապատումը՝ կառուցման երկրորդ փուլով՝ կը շարունակուի:
Մայիս 21ին, Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը մեկնած է Ասկերանի շրջան, ուր հանդիսաւորութեամբ բացուած են Պատարա եւ Խանցք գիւղերու նորակառոյց համայնքային կեդրոնները: Պատարայի համայնքային կեդրոնը կառուցուած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ (Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան համաֆինանսաւորումով): Երկ-յարկանի շինութիւնը մէկ տանիքի տակ կեդրոնացուցած է գիւղի բժշկական կեդրոնը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, գիւղապետարանը: Կից կառուցուած հանդիսութիւններու սրահն ալ կը ծառայէ համայնքի ձեռնարկներուն: Ֆրանսահայ համայնքի հովանաւորութեամբ նեկայիս Արցախի մէջ կը կառուցուին շարք մը համայնքային կեդրոններ եւ կրթօճախներ: Խանցք գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնը կեանքի կոչուած է Հիմնադրամի Մոնրէալի տեղական մարմինի եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորումով: Երկյարկանի կառոյցին մէջ կեդրոնացած են գիւղապետարանը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, խաղասրահը: Կից կառուցուած է հանդիսութուններու սրահ` նախատեսուած 150 հոգիի համար: Ժամանակակից յարմարութիւններով համալրուած այս համալիր կառոյցները առաւել յարմարաւէտ կը դարձնեն համայնքի կեանքը: Բացման արարողութեան յաջորդած է պատուիրակութեան այցելութիւնը Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղի մանկապարտէզ, որուն կառուցման համար միջոցները հաւաքագրուած են Թորոնթոյի տեղական մարմինի ջանքերով: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ Լ.Ղ.Հ. կառավարութիւնը: Շուրջ 420 քմ. տարածք զբաղեցնող մանկապարտէզին մէջ խնամք եւ ուսում կրնայ ստանալ մինչեւ 70 փոքրիկ: Անմիջապէս մանկապարտէզի մօտ Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներու միջոցներով կը կառուցուի նաեւ համայնքային կեդրոն: Ընդամէնը ամիսներ առաջ՝ Հիմնադրամի ջանքերով վերակառուցուած այս կրթօճախը իր յարկի տակ կը հիւրընկալէ ամենատարբեր կրթական եւ մշակութային ձեռնարկներ: