Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ, պա­տաս­խա­նե­լով «­Ժա­ռան­գու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Թե­ւան Պօ­ղո­սեա­նի հար­ցու­մին, Հ.Հ. գլխաւոր դատախազ Գ. Կոնս­տա­նեան նշած է, որ մինչ այդ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան հար­թու­թեան վրայ քննարկ­ման ա­ռար­կայ չէ դար­ձած:

«Եւ հէնց այդ հարցն է, որ մեզ հա­մար յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վի­ճարկ­ւում է այն հան­գա­ման­քը, թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը թէեւ ու­նի ո­րո­շա­կի մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին ճա­նա­չում, չի կա­րող հա­մադ­րո­ւել Հո­լո­քոս­թի հետ, քա­նի որ Հո­լո­քոս­թը Նիւ­րէն­պեր­կեան դա­տա­վա­րու­թեան ար­դիւն­քում ար­դէն ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն ճա­նա­չո­ւած փաստ է: Սա նշա­նա­կում է, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նում քննարկ­ման ա­ռար­կայ է դար­ձել բա­ցա­սա­կան ի­մաս­տով, ին­չը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ա­ռա­ջաց­րեց, որ մենք մի­ջամ­տենք տո­ւեալ գոր­ծի քննու­թեան»,- նշած է Կոս­տա­նեան՝ «Ար­մէնփ­րես»ի հա­ղորդ­մամբ:

Ան յի­շե­ցու­ցած է, որ «­Փե­րին­չէ­քը ընդ­դէմ Զո­ւի­ցե­րիոյ» գոր­ծով դա­տա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին Հա­յաս­տան չէ մաս­նակ­ցած: «Ո­րով­հե­տեւ այդ փու­լում մենք դե­ռեւս չու­նէինք ձե­ւա­կեր­պում­ներն ու ի­րա­ւա­կան գնա­հա­տա­կան­նե­րը եւ միայն նրա­նից յե­տոյ, երբ ու­նե­ցանք պա­լա­տի ո­րո­շու­մը, հաս­կա­ցանք, որ մեր մի­ջամ­տու­թիւնն այ­լընտ­րանք չու­նի: Այ­սինքն` մեր խնդիրն էր բա­ցա­ռել ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ փաս­տաթղ­թի առ­կա­յու­թիւն, որ­տեղ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը քննար­կո­ւած կը լի­նի բա­ցա­սա­կան ի­մաս­տով: Եւ դրա հա­մար մենք գոր­ծադ­րել ենք բո­լոր ջան­քե­րը։ Յի­շեց­նեմ, որ մենք դի­մել ենք մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րի, ով­քեր նե­րա­ռո­ւե­ցին Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րի պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցում»,- ը­սած է Կոս­տա­նեան:

Ան յի­շե­ցու­ցած է, որ ի­րենք Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած են այն փաս­տե­րը, ո­րոնք հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ի­մաս­տով հա­յե­րու ջար­դե­րը կ­՛ո­րա­կէին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: «Այ­սինքն, մենք ներ­կա­յաց­րե­ցինք նաեւ ի­րա­ւա­կան այն բո­լորը, ո­րոնք մեզ հիմք տո­ւե­ցին պնդե­լու մեր դիր­քո­րո­շու­մը, որ մենք ու­նենք ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաստ:

«Մեր խնդիրն այն էր, որ­պէս­զի Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք օժ­տո­ւած չեն հա­մա­պա­տաս­խան ման­դա­տով՝ այս կամ այն կո­տո­րած­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կե­լու կամ չո­րա­կե­լու ման­դա­տով, ձեռն­պահ մնան նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րից: Եւ մենք ի­րա­ւա­կան տե­սան­կիւ­նից ներ­կա­յաց­րել ենք, որ մենք 1915թ. Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ենք են­թար­կո­ւել: Մենք ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յաց­րե­ցինք ի­րա­ւա­կան փաս­տեր»,- ը­սած է Կոս­տա­նեան: