Մայիս 21ին գումարուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային Ժողովի առաջին նստաշրջանի անդրանիկ նիստը:
Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնին, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով` 28 կողմ եւ 5 դէմ, ընտրուած է Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւոր Աշոտ Ղուլեան, իսկ փոխ-նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան ընտրուած է փոխ-նախագահ` 30 կողմ եւ 2 դէմ (1 բացակայ) քուէներով: