Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Մա­յիս 21-22ին, Լատ­վիոյ մայ­րա­քա­ղաք Ռի­կա­յի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան «Ա­րե­ւե­լեան Գոր­ծըն­կե­րու­թիւն» ծրագ­րի ան­դամ եր­կիր­նե­րու վե­հա­ժո­ղո­վը:

Այդ ծրա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ քա­ղա­քա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն եւ տնտե­սա­կան հա­մար­կում՝ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի, Պե­լա­ռու­սի, Վ­րաս­տա­նի, Մոլ­տո­վա­յի եւ Ուք­րաի­նա­յի մի­ջեւ:

­Վեր­ջին ե­րեք եր­կիր­նե­րը այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հետ ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ կնքե­ցին:

­Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ Ռի­կա գա­ցած էր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար նշեալ վե­հա­ժո­ղո­վին, այդ ա­ռի­թով հան­դի­պում ու­նե­ցած է Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տու­հի Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը եւ Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տու­հին անդ­րա­դար­ձած են Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րին: Այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման գոր­ծին մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է Ե.Մ.ի մէջ Գեր­մա­նիոյ ա­ռանց­քա­յին դե­րը: Անդ­րա­դարձ ե­ղած է նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին, այդ կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու, նե­րա­ռեալ՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յի­շա­տա­կի եւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն:

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Գեր­մա­նիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման հար­ցին մէջ ար­տա­յայ­տած դիր­քո­րոշ­ման հա­մար:

Հան­դի­պու­մին, զրու­ցա­կից­նե­րը մտ­քե­րու փո­խա­նա­կում ու­նե­ցած են Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նի կնճիռ­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, նաեւ Մինս­քի Խում­բի շրջա­նա­կին մէջ Ար­ցա­խեան Խնդ­րի խա­ղաղ ճամ­բով կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ: