Երեւան կ'այցելէ Apple ընկերութեան համահիմնադիր եւ աշխարհի մէջ անհատական առաջին համակարգիչի ստեղծող Սթիւ Ուոզնիաք: Ան «Համաշխարհային հեղինակութիւն տեղեկատուական ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ» Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սահմանած մրցանակը ստանալու համար երկօրեայ այցով Հայաստան կը գտնուէր:
Նոյեմբեր 10ին «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան յարկին տակ հանդիպած է լրագրողներու եւ հետաքրքրասէր երիտասարդութեան հետ եւ խօսած իր անցած ճանապարհի մասին:
«Ես ինծի հարց տուի՝ ինչպէս սկսիլ գործ մը առանց դրամի: Սովորական մատիտով սկսայ մտքեր գծագրել, այդ ամէնը իրականացնելու համար չէի կրնար վճարել ոեւէ մէկուն, ստիպուած էի ամէն ինչ ինքնուրոյն ընել», ըսած է ան:
«Ես հասկցայ, որ ծնած եմ ճարտարագիտութիւն արարելու համար, բայց իւրաքանչիւր մարդ, որ իրեն իր գործին մէջ լաւ կը զգայ, նոյնը պիտի ըսէ: Կը թուի, թէ աշխատանքը տհաճ ու ծանր բան է, բայց եթէ դուք սիրէք զայն, ինչպէս ես կը սիրեմ իմ գործը, անիկա կը վերածուի հաճոյքի», ընդգծած է Ուոզնիաք: