Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը նոր ման­կա­պար­տէզ հիմ­նած է Ա­րա­գա­ծոտն մար­զի Սա­սու­նիկ գիւ­ղի պզտիկ­նե­րուն հա­մար՝ Հիմ­նադ­րա­մի Մեծ Բ­րի­տա­նիոյ տե­ղա­կան մար­մի­նի եւ Սա­սու­նի­կի գիւ­ղա­պե­տա­ րա­նի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Հիմ­նադ­րա­մի տե­ղե­կա­տո­ւա­կա­նը։ Յա­ջորդ քա­նի մը օ­րե­րուն ամ­բող­ջո­վին կա­հա­ւո­րո­ւած ման­կա­պար­տէ­զի երկ­յարկ նոր շէն­քը, իր մա­քուր ու խնա­մուած բա­կով, պի­տի դի­մա­ւո­րէ գիւ­ղի 100 պզտիկ­նե­րը: Հա­մայն­քի բնա­կիչ­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէն­քի շի­նա­րա­րու­թեան ա­ւար­տին: Գիւ­ղա­պետ Ար­ման Մար­գա­րեան ը­սած է, որ 1998էն ի վեր 4000 բնա­կիչ ու­նե­ցող հա­մայն­քը ման­կա­պար­տէ­զի հա­մար պի­տա­նի շէնք մը չէ ու­նե­ցած: Ծաղ­կո­ցի տա­րի­քի պզտիկ­նե­րը տա­րի­նե­րէ ի վեր կը յա­ճա­խէին գիւ­ղի դպրո­ցին մէջ ա­նոնց տրա­մադրուած պզտիկ դա­սա­րան մը, իսկ ա­ւե­լի պզտիկ­նե­րը խնա­մե­լու եւ դաս­տիա­րա­կե­լու ո­րե­ւէ կա­րե­լիու­թիւն չու­նէր գիւ­ղը: Այս տա­րի­նե­րուն միայն փոքրաթի­ւ ըն­տա­նիք­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած են ի­րենց պզտիկ­նե­րը մին­չեւ Աշ­տա­րակ տա­նե­լու:

«Էլ ստի­պո­ւած չենք լի­նի ե­րե­խա­նե­րին տա­նել Աշ­տա­րա­կի ման­կա­պար­տէզ, ին­չը դժո­ւար է՝ թէ՛ նիւ­թա­կան, թէ՛ ժա­մա­նա­կի ա­ռու­մով»,- Հիմ­նադ­րա­մի այ­ցի ժա­մա­նակ իր ու­րա­խու­թիւ­նը այս­պէս այ­տա­յայ­տած է ե­րի­տա­սարդ մայ­րե­րէն մէ­կը: Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը ի­րենց սրտա­բուխ նո­ւի­րատ­ւու­թիւն­նե­րով կը փոր­ձեն քա­ջա­լե­րել եւ խթա­նել զար­գա­ցու­մը կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, զա­նոնք ա­պա­հո­վե­լով ման­կա­վար­ժա­կան եւ կրթա­կան ար­դիա­կան բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով, հա­ւա­տա­լով որ «մեր մա­նուկ­նե­րու ա­ռողջ միտքն ու ա­ռողջ մար­մինն է, որ պի­տի ա­պա­հո­վէ մեր երկ­րի ա­ռա­ջըն­թա­ցը»: Այս­պէս պար­զա­բա­նած է Բ­րի­տա­նիոյ հա­յե­րու հա­մո­զու­մը եւ խո­րունկ փա­փա­քը Հիմ­նադ­րա­մի Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ տե­ղա­կան մար­մի­նի ա­տե­նա­պետ տի­կին Ար­մի­նէ Կա­րա­պետ, որ հայ­րե­նի­քի ան­խոնջ նուի­րեալ­նե­րէն մէկն է եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր: