Մայիս 19ի Պոնտոսցի Յոյներու ցեղասպանութեան օրը յատկանշուեցաւ յոյն ժողովուրդի կողմէ յարգանքի ձեռնարկներու կազմակերպումով։ Հայաստանի մէջ եւս Երեւան եւ Ալավերտի մէջ յուշի ձեռնարկներ տեղի ու նեցան։ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ բարձրացան Երեւանի մէջ բնակող յոյները, ինչպէս ամէն տարի, Հայաստանի մէջ գործող յունական միութիւններու եւ Յունաստանի դեսպան պրն. Իոանիս Տաղիսի մասնակցութեամբ։ Երեւանէն տեղեկութիւնները «Ազատ Օր»ին փոխանցեց ընկ. Յովիկ Գասապեան, որ ներկայ եղաւ միջոցառման։ Համախմբուած ժողովուրդը իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Պոնտոսցիներու Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին կապակցութեամբ, որ խորհրդանշական իր նշանակութեամբ կուգայ աւելնալու Ցեղասպանութիւնը ճանչցած սակաւաթիւ պետութիւններու ցանկին վրայ։
Նշենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը ճանչցած է Պոնստոսցիներու Ցեղասպանութիւնը 1994ին, ինչպէս նաեւ 2014ի Սեպտեմբերին, հակացեղապաշտական օրինագիծով՝ քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի հայոց եւ յունաց ցեղասպանութեանց ժխտումը։ Յոյներու Ցեղասպանութիւնը այս տարուայ մէջ ճանչցան նաեւ Աւստրալիոյ Ուիլոպի նահանգը եւ ԱՄՆի Ինտիանա նահանգը։ Կիպրոս, Շուէտ, Աւստրալիոյ եւ ԱՄՆի որոշ նահանգներ եւս ճանչցած են ցեղասպանութիւնը։