Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԼեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեան պետ Սեր­կէյ Շահ­վեր­տեա­ն Tert.amին յայտ­նած է, որ այս տարուան ա­ռա­ջին 4 ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին ար­դէն ար­ձա­նագ­րուած է զբօ­սաշր­ջու­թեան շուրջ 20% աճ` նա­խորդ տարուան հա­մե­մատ:

«­Դա պայ­մա­նա­ւոր­ւում է նրա­նով, որ այս տա­րի նշո­ւեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցը եւ շատ այ­ցե­լու­ներ, ով­քեր Հա­յաս­տան էին ե­կել, ե­կան նաեւ Ղա­րա­բաղ»,-ը­սած է Շահ­վեր­տեա­ն: Ան­ցեալ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ըստ Սեր­կէյ Շահ­վեր­տեա­նի, ար­ձա­նագ­րո­ւած է օ­տա­րերկ­րեայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու թի­ւի ո­րո­շա­կի նո­ւա­զում, ինչ որ տար­բեր հան­գա­նա­մանք­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է, ո­րոնց շար­քին նաեւ` օ­գոս­տո­սեան պա­տե­րազ­մով:

«­Պատ­ճառ­նե­րից մէկն էլ այն է, որ շատ սփիւռ­քա­հա­յեր ու­նեն հայ­կա­կան անձ­նագ­րեր եւ որ­պէս օ­տա­րերկ­րեայ զբօ­սաշրջիկ­ներ չեն գրանցւում»,-նշած է Շահ­վեր­տեա­ն:

Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հա­մար այս տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կուին այն ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են նա­խորդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին:

«Կը ­մաս­նակ­ցենք մի­ջազ­գա­յին զբօ­սաշր­ջա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րի: Այս տա­րի նա­խա­տե­սել ենք նաեւ եւ­րո­պա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րի լրագ­րող­նե­րի այ­ցե­լու­թիւն­ներ Ղա­րա­բաղ: Ս­րանք այն աշ­խա­տանք­ներն են, ո­րոնք այ­սօր կա­տար­ւում են»,-ը­սած է ան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող իւ­րօ­րի­նակ փա­ռա­տօննե­րուն` Սեր­կէյ Շահ­վեր­տեա­ն ը­սած է, որ այս տա­րի զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թիւ­նը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ եր­կու փա­ռա­տօն:

Մէ­կը՝ Յու­նիս 27ին Ա­մա­րա­սի շրջա­նին մէջ թու­թի փա­ռա­տօնն է, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի, իսկ միւ­սը` Հոկ­տեմ­բե­րի եր­րորդ Շա­բաթ օ­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ար­ցա­խեան գի­նի­նե­րու փա­ռա­տօ­նը: Փա­ռա­տօն­նե­րը, ըստ Սեր­կէյ Շահ­վեր­տեա­նի,  զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման վրայ ազ­դող մի­ջոց­նե­րէն են: