Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յու­նիս 14ին կը վերսկը­սի Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած՝ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան «Ա­րի Տուն - 2015» ծրա­գի­րը եւ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ Օ­գոս­տոս 29՝ 14օ­րեայ ութ փու­լե­րով: Ա­րի Տուն կան­չով Հա­յաս­տան կ’այ­ցե­լեն սփիւռ­քա­հայ տղաք եւ աղ­ջիկ­ներ, ո­րոնք կը հիւ­րըն­կա­լո­ւին Ե­րե­ւա­նի եւ մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րու օ­ճախ­նե­րէն ներս։ Այս տա­րո­ւան հա­մար ար­դէն 13 եր­կիր­նե­րէ (­Ռու­սիա, Ղր­ղըզս­տան, Թուրք­մենս­տան, Ֆ­րան­սա, Գեր­մա­նիա, Լաթ­վիա, Ս­պա­նիա, Պել­ճի­քա, Լի­բա­նան, Ա.Մ.Ն., Հո­լան­տա, Դա­նիա, Սու­րիա) ա­ւե­լի քան 100 սփիւռ­քա­հայ դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է ծրագ­րին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։ Նոյն­պէս՝ ծրագ­րին մաս­նակ­ցե­լու դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած են 40-50 տեր­սիմ­ցի­ներ, ինչ­պէս նաեւ 200-220 ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցած Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան խում­բը՝ աշ­խար­հի ութ եր­կիր­նե­րէ.- Լի­բա­նան, Սու­րիա, Քո­ւէյթ, Կիպ­րոս, Ֆ­րան­սա, Անգ­լիա, Ա.Մ.Ն եւ Գա­նա­տա։ Ծ­րագ­րին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Կիպ­րո­սէն ժա­մա­նող 20 հո­գի­նոց խում­բը։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին հա­յոց լե­զո­ւի դա­սըն­թաց­նե­րուն, կ’այ­ցե­լեն Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան, պատ­մամը­շա­կու­թա­յին վայ­րեր: Ճամ­բա­րա­յին փու­լին կը կազ­մա­կեր­պո­ւին նաեւ ու­սու­ցո­ղա­կան ծրա­գիր­ներ, հա­յոց լե­զո­ւի, հայ­րե­նա­գի­տու­թեան, ազ­գա­յին եր­գի ու պա­րի դա­սըն­թաց­ներ, մաս­նա­կից­նե­րը հան­դի­պում­ներ կ’ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րու հետ: Ն­շենք, որ ծրա­գի­րը սկսած է 2009 թո­ւա­կա­նին։ 6 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոր մաս­նակ­ցած են ա­ւե­լի քան 5000 ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ աշ­խար­հի 43 եր­կիր­նե­րէ։