Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են Զաքարեանի հանդիպումները Գերմանիոյ արտաքին գործերու պետական քարտուղար Մարքուս Էտերերի, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Նորպերթ Ռէօթկենի, խորհրդարանի մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Միխայել Պրանտի հետ: Այսոր նախատեսուած է նաեւ Արտակ Զաքարեանի ելոյթը «Քոնրատ Ատենաուեր» Հիմնադրամի կեդրոնին մէջ: