Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող զօրանոց մը եւ պաշտպանութեան ռազմազինուորական դիրքեր:
Նախարարին ներկայացուեցան սպառազինութեան տեսակները եւ թեքնիք սարքերը: Օհանեան նաեւ այցելեց հրաձգարան:
Զինադադարի հաստատման 21րդ տարեդարձին օրը` նախարարը նշեց, որ պատերազմը դեռ չէ աւարտած: Անդրադառնալով զինադադարի պարբերական խախտումներուն` Օհանեան նշեց, որ անոնք իրենց գագաթնակէտին հասան 2014-2015 թուականներուն։ «Ասիկա արտայայտուած է ե՛ւ անցեալ տարուան ամառնային փոքր-պատերազմով, ե՛ւ վարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռը դաւադրաբար հարուածելով, տարեսկիզբի նախայարձակ գործողութիւններով եւ վերջապէս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու իւրայատուկ աւանդութեանց համահունչ` ոչ-զինուորական փոխադրամիջոցը հեռակառավարուող սարքով պայթեցնելով: Սակայն, շնորհիւ մեր դիրքապահներուն, անոնց գործողութիւնները չեն յանգեցուցած ռազմավարական նպատակներու իրականացման»,- յայտարարեց Սէյրան Օհանեան: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ ատրպէյճանական կողմին ռուսական զէնքի մատակարարման` ըսելով, որ ատիկա իսկապէս մտահոգիչ է, սակայն «հոգեբանօրէն չ՛ընկճեր հայ զինուորը»: