Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Ե­րե­ւա­նի Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ Մա­նու­կեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան Կեդ­րո­նին մէջ, նա­խան­ցեալ օր տե­ղի ու­նե­ցած է Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մարմ­նի հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը Դաշ­նակ­ցու­թեան 11 մար­զա­յին եւ 50 կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ Հ.Յ.Դ.ի գնա­հա­տա­կան­նե­րը։ Ան խօ­սած է քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ ստեղ­ծո­ւած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, կա­րե­լի վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու, միջ-կու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, երկ­րին մէջ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հո­լո­վոյ­թի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­լու մա­սին։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են նաեւ կազ­մա­կեր­պա­կան հար­ցեր, տրո­ւած են յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ: Նոյն օ­րը, Ե­րե­ւա­նի «­Սի­մոն Վ­րա­ցեան» կեդ­րո­նին մէջ, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նը կազ­մա­կեր­պած է հան­դի­պում դաշ­նակ­ցա­կան շուրջ 30 գիւ­ղա­պետ­նե­րու հետ: Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է ներ-քա­ղա­քա­կան վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, երկ­րին առ­ջեւ դրո­ւած ներ­քին եւ ար­տա­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Ան խօ­սած է ժո­ղո­վուր­դին հետ բաց, սրտցաւ աշ­խա­տե­լու` գիւ­ղա­պետ­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան, յա­ռա­ջի­կայ տա­րի տե­ղի ու­նե­նա­լիք տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան այ­սօ­րո­ւը­նէ նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, հա­մայնք­նե­րու մե­ծաց­ման գծով Հ.Յ.Դ. պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մա­սին: