Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՄա­յիս 7ին, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ Ո­ւա­շինկ­թըն գտնո­ւող ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­ռեւ­ տու­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի տե­ղա­կալ ­Տեն ­Մու­լա­նի, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ներ­կա­յու­թեան, ստո­րագ­րե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ Ա­ռեւ­տու­րի եւ ­Ներդ­րում­նե­րու Շր­ջա­նա­յին ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րին նա­խա­գի­ծը:

Ըստ փաս­տա­թուղ­թին՝ կող­մե­րը աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին ստեղ­ծե­լու բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ, ներդ­րում­նե­րու եւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թեան ու ա­ռեւ­տու­րի խրա­խուս­ման հա­մար:

­Կը նա­խա­տե­սո­ւի ձե­ւա­ւո­րել ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հայ-ա­մե­րի­կեան խոր­հուրդ, որ հան­դի­պում­ներ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ առ­նո­ւազն տա­րին մէկ ան­գամ: ­Խոր­հուր­դին նպա­տակն է բա­ցա­յայ­տել երկ­կող­մա­նի ներդ­րում­նե­րու եւ ա­ռեւ­տու­րի նոր ո­լորտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ աշ­խա­տանք տա­նիլ զա­նոնք զար­գաց­նե­լու: ­Յայտ­նենք, որ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, ­Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան Ա­ռեւ­տու­րի գրա­սե­նեա­կը եւ ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած ըն­կե­րու­թիւն­ներ տա­րի­նե­րէ ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նին այս հա­մա­ձայ­նագ­րին կնքու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: