Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով ԱՄՆ մեկ­նած նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է ԱՄՆ ծե­րա­կոյ­տի հան­րա­պե­տա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան ղե­կա­վար Միտչ Մը­քո­նե­լի եւ դե­մոկ­րա­տա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան ղե­կա­վար Հար­ րի Ռի­տի հետ: Հան­դիպ­ման ներ­կայ ե­ղած են նաեւ ծե­րա­կոյ­տի հան­րա­պե­տա­կան եւ դե­մոկ­րատ շարք մը այլ ան­դամ­ներ: Այս մա­սին կը յայտ­նեն ՀՀ նա­խա­գա­հի մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թե­նէն:

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են հայ-ա­մե­րի­կեան միջ­խորհըր­դա­րա­նա­կան փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան ու երկ­կողմ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել զար­գաց­ման եւ խո­րաց­ման վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ, անդ­րա­դար­ձած` այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս ԱՄՆ քոնկ­րէ­սի ու­րոյն դե­րա­կա­տա­րու­թեան: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի խօս­քով, նաեւ ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Միտչ Մը­քո­նե­լի եւ Հար­րի Ռի­տի գոր­ծուն ջան­քե­րուն շնոր­հիւ՝ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այ­սօր կը գտնո­ւին ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ:

Սերժ Սարգ­սեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է զրու­ցա­կից­նե­րուն` տա­րի­ներ շա­րու­նակ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րուն ա­ռանձ­նա­յա­տուկ վե­րա­բե­րում եւ հո­գա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար: Հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք են, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան ճա­նա­չու­մէն ի վեր հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ընդգր­կած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լայն շրջա­նակ:

Հա­յաս­տա­նը եւ ԱՄՆ-ն­ ա­մուր գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նին թէ՛ երկ­կողմ, թէ՛ բազ­մա­կողմ հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ: Նա­խա­գահ Սերժ Սարգը­սեան բարձր գնա­հա­տած է Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, տար­բեր ո­լորտ­նե­րէն ներս բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կա­յաց­ման տա­րի­ներ շա­րու­նակ ցու­ցա­բե­րո­ւող ԱՄՆ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը` մի­տո­ւած ՀՀ պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման: Նա­խա­գա­հը բարձր գնա­հա­տած է նաեւ ԱՄՆ դե­րա­կա­տա­րու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման գոր­ծին, նաեւ ԱՄՆ-ի` իբ­րեւ ԵԱՀԿ Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ երկ­րի, գոր­ծուն ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը ԼՂ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին, ա­նոր ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող յի­շա­տա­կի եւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն, նաեւ` ՀՀ նա­խա­գա­հի այ­ցի ծի­րէն ներս Ո­ւա­շինկ­թը­նի ազ­գա­յին տա­ճա­րէն ներս կա­յա­նա­լիք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը նո­ւի­րո­ւած միջկ­րօ­նա­կան ա­ղօթ­քին: ՀՀ նա­խա­գա­հը եւ ԱՄՆ ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կած են Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րու եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու, ԼՂ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի շուրջ:

Ներ­կայ բո­լոր ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը ի­րենց խօս­քին մէջ կա­րե­ւոր հա­մա­րած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի շրջա­փակ­ման պայ­ման­նե­րուն երկ­րին անհ­րա­ժեշտ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու եւ ու­ժա­նիւ­թի այ­լընտ­րան­քա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր: