Print
Category: Հայաստան-Արցախ


Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ, Երեւան գտնուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքբար Սալեհի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ:
Երէկ կայացաւ ՀՀ նախագահի հետ հանդիպումը, մինչ նախորդած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ տեսակցութիւնները

Իրանցի Մտաւորականներ Խստօրէն Կը Քննադատեն Ալիեւը

«Իրանցի մտաւորականները դատապարտած են Ատրպէյճանի  նախագահին հակաիսլամական գործունէութիւնը. այս մասին նշուած է իրանական «Անսար Թապրիզ» համացանցային լրատուական կայքով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ:
Ըստ յօդուածին, Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի մտաւորականները, Թաւրիզի համալսարաններու դասախօսներն ու ուսանողները, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշած են. «Կ՛ափսոսանք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակաիսլամական յանցաւոր գործունէութիւնը ընդգրկուած է պաշտօնական Պաքուի աշխատանքային օրակարգին մէջ»:
Իրանցի մտաւորականները իրենց յայտարարութեան մէջ անդրադարձած են լաչակ կրելը արգիլելու, իսլամական գործիչներու ձերբակալութեան եւ մզկիթներ քանդելու հարցերուն:
Յիշեցնենք, որ վերջերս իրանցի բարձրաստիճան հոգեւորական այաթոլայ Մաքարեմ Շիրազի, իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին դիմելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ յայտարարած էր.
«Մենք վստահ ենք, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը այս իրավիճակը չի հանդուրժեր եւ կու գայ օր մը, որ կը բռնէ ձեր օձիքէն եւ ցած կ՛իջեցնէ իշխանական աթոռէն: Տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն դասեր քաղեցէք»:
Նաեւ, վերջերս կազմակերպուած «Իսլամական զարթօնք Ատրպէյճանի մէջ» թեմայով համագումարին ընթացքին, աւելի քան 40 իսլամական երկիրներու հոգեւորականներ եւ գիտնականներ եւս դատապարտեցին Ատրպէյճանի վարած հակաիսլամական քաղաքականութիւնը: Համագումարին ընթացքին, այաթոլլայ Թահրիրի, դատապարտելով Պաքուի վարած հակաիսլամական քաղաքականութիւնը՝ նշած էր. «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիր մը հանդիսացող Ատրպէյճանը պէտք չէ բանտարկէ իսլամական կազմակերպութեանց գործիչները եւ արգիլէ լաչակ կրելը»:

«Հայաստան մեծ ազդեցութիւն ունի աշխարհի մէջ,
շնորհիւ այն համայնքներուն, որ ունի աշխարհի
աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ»

Հայաստան ու Իրան տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ շատ մօտ տեսակէտեր ունին: Այս մասին յայտարարեց ԻԻՀ արտաքին գործերու նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Երեւանի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպման յաջորդած համատեղ ասուլիսին՝ աւելցնելով, որ մտքերու մօտ ըլլալը կրնայ նպաստել, որ իւրաքանչիւրը ունենայ իր դերակատարութիւնը առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
«Կարեւոր է, որ մենք նոյն մտքերը ունինք, շատ մօտ են մեր տեսակէտները շատ խնդիրներ վերլուծելու հարցով»,-ըսաւ Սալեհի՝ աւելցնելով, որ Հայաստան շատ իւրայատուկ կարգավիճակ ունի աշխարհի մէջ:
«Կը թուի, թէ Հայաստան փոքր պետութիւն է, բայց ան շատ մեծ ազդեցութիւն ունի աշխարհի մէջ, շնորհիւ այն համայնքներուն, որ ունի աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ: Այդ մարդիկ Հայաստանի դեսպաններն են աշխարհի մէջ, բայց անոնք կը նպաստեն, որ Հայաստանի ազդեցութիւնը միջազգային ասպարէզի մէջ մեծ ըլլայ: Յոյս ունինք, որ այդ ազդեցութիւնը կը նպաստէ, որ տարածաշրջանային հարցերը լուծուին եւ հաստատուի կայունութիւն ու խաղաղութիւն»,- նկատեց ԻԻՀ ԱԳ նախարարը:
Զրոյցի ընթացքին արտգործնախարարներ Նալբանդեանը ու Սալեհին անդրադարձան այս տարուայ վերջին նախատեսուած Իրանի նախագահ Մահմուդ Ահմադինեժադի Հայաստան կատարելիք այցի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Հանդիպման քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու քաղաքական, տնտեսական, միջխորհրդարանական, էներգետիկ, տրանսպորտային, կրթամշակութային, ապակենտրոնացած եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերը:
Էդուարդ Նալբանդեան ու Ալի Աքբար Սալեհին խօսեցան նաեւ հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի ծիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքէն:
Արտգործնախարարներ Նալբանդեան ու Սալեհին միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու շուրջ: