Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան գե­րե­վա­րո­ւած քա­ղա­քա­ցի Ար­սէն Պաղ­տա­սա­րեա­նը  դա­տա­պար­տած են 15 տարուան ա­զա­տազրկ­ման: Ըստ ԱՓԱ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան, պա­տի­ժը կը հաշ­ւուի ա­նոր ձեր­բա­կալ­ման օ­րէն` 26 Դեկ­տեմ­բեր 2014-էն: Դա­տա­րա­նին ո­րո­շու­մով` Ար­սէն Պաղ­տա­սա­րեան  ա­զատ կա­ցու­ցո­ւած է դա­տա­կան ծախ­սե­րու վճա­րու­մէն: Յայտ­նենք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի Գան­ձակ քա­ղա­քի ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու գոր­ծե­րով դա­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «դա­տա­վա­րու­թեան» ժա­մա­նակ դա­տա­խազ Ա­նար Միր­քի­շիեւ  պա­հան­ջած է Ար­սէն Պաղ­տա­սա­րեա­նը  դա­տա­պար­տել 18 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան:

Հապ­ճեպ սար­քո­ւած գոր­ծի ծի­րին մէջ Լ.Ղ. Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիին ներ­թա­փանց­ման մե­ղադ­րանք ուղ­ղո­ւած է:

Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պա­տաս­խան էին Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ Տիլ­համ Աս­քե­րո­վի եւ Շահ­պազ Կու­լիե­ւի կա­լա­նա­ւոր­ման եւ դա­տա­պարտ­ման: Ա­նոնք ձեր­բա­կա­լո­ւած էին զէն­քե­րը ձեռ­քեր­նին, եւ դա­տա­րա­նին մէջ ի­րենց մեղ­քը չէին հեր­քած:

Միա­ժա­մա­նակ, Ար­սէն Պաղ­տա­սա­րեա­նի գոր­ծը մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի ա­ղա­ղա­կող խախ­տում է, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր  ձեր­բա­կալ­ման պա­հէն, ար­դէն 6 ա­մի­սէ չեն ար­տօ­ներ հան­դի­պիլ Կար­միր Խա­չի մի­ջազ­գա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­գամ մը եւս ստա­լի­նեան բռնաճն­շում­նե­րու օ­րե­րուն կի­րար­կո­ւող մօ­տե­ցում դրսե­ւո­րե­ցին:

Այս մա­սին յայ­տա­րա­րեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Դա­ւիթ Բա­բա­յեան` մեկ­նա­բա­նե­լով Ար­սէն Պաղ­տա­սա­րեա­նի դէմ ար­ձա­կո­ւած դա­տավ­ճի­ռը: «­Միակ տար­բե­րու­թիւնն այն է, որ Ար­սէ­նը  բա­րե­բախ­տա­բար գնդա­կա­հա­րու­թեան չեն դա­տա­պար­տած: «­Դատ» կո­չո­ւող կեղ­ծի­քը կա­յա­ցած է դռնփակ, չեն պահ­պա­նուած մարդ­կա­յին տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, Ար­սէ­նին նոյ­նիսկ փաս­տա­բան չէ տրա­մադ­րո­ւած: