Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններուն օրը Ատրպէյճան փորձած է ընթացքը խանգարել, սակայն չէ յաջողած։
«Արցախի պաշտպանութեան բանակին յաջողուել է կանխել Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի
ընտրութիւնները խանգարելու՝ ադրբեջանական կողմի փորձը», 4 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան: «Սահմանին այսօրուայ դրութեամբ վիճակն աւելի խաղաղ է: Մենք ունէինք տեղեկութիւն, որ հակառակորդը փորձելու է խանգարել Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Պաշտպանութեան բանակը համապատասխան միջոցառումներ է ձեռնարկել, որպէսզի կանխի այդ ոտնձգութիւնները եւ, բարեբախտաբար, դա մեզ յաջողուել է», յայտնած է Մովսէս Յակոբեան: Ինչպէս պիտի բաժնուին ԼՂՀ Ազգային Ժողովի աթոռները Արցախի 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 33 տեղերը պիտի բաշխուին հետեւեալ համամասնութեամբ՝ «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւնը կ’ունենայ 15, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»՝ 7, «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը»՝ 6, «Շարժում-88» կուսակցութիւնը՝ 2, «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնը՝ 1։ Մէկ մանտատ եւս պետք է տրուի կուսակցութիւններէն մէկին՝ կորսուած ձայներու վերաբաշխման շնորհիւ: