Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ապառաժ» կը հաղորդէ թէ Մայիս 4-ին տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նիստը, որու ընթացքին քննարկուեցան 2015 թուականի Մայիս 3-ին կայացած Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքները: Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն հաստատեց.-
1. ԼՂՀ 6-րդ գումարման ԱԺ ընտրութիւնները պէտք է համարել առաջխաղացում Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու արմատաւորման եւ պետականութեան կայացման գործին մէջ: Վառ ապացոյց է ընտրութիւններուն մասնակցած 7  կուսակցութիւններէ 5-ի նուազագոյն շեմի յաղթահարումը:
2. ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ն իր երախտիքը կը յայտնէ շուրջ 13.000 այն քաղաքացիներուն, որոնք վստահելով Հ.Յ. Դաշնակցութեան՝ քուէարկեցին «Խաղաղութիւն, արդարութիւն, աշխատանք» կարգախօսի օգտին:
3. Հ.Յ.Դ. Արցախի ԿԿ-ն համոզուած է, որ երկրի կառավարման քաղաքական պատասխանատւութիւնը իր վրայ պիտի վերցնէ մեծամասնութեան քուէն ստացած քաղաքական ուժը:
4. Ընտրութիւններու արդիւնքներէն ելնելով՝ ԿԿ  կը փաստէ, որ Հ.Յ.Դ.ն ԼՂՀ բնակչութեան կողմէ  համամասնական ընտրակարգով շուրջ 20 տոկոսի քուէ ստանալով եւ ունենալով 3 մեծամասնական կարգով ընտրուած պատգամաւորներ՝ աւելի մեծ կազմով պիտի ներկայանայ ԼՂՀ 6-րդ գումարման Ազգային Ժողովին՝ դառնալով խորհրդարանէն ներս գործող 2-րդ քաղաքական ուժը:

Արտասահմանցի դիտորդներ՝ «ԼՂ ընտրութիւնները անցան «ազատ, արդար ու թափանցիկ»

Յատկապէս տեքնիքական թերութիւններու մասին խօսք ընելով, Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները իրենց գնահատականներն ու դիտարկումները ներկայացուցած են ԼՂ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին:
Անոնք ընդգծած են, որ ընտրութիւնները անցած են ազատ, արդար ու թափանցիկ:
Արտասահմանցի դիտորդները յատկապէս տպաւորուած են մասնակցութեան ցուցանիշէն՝ 71 տոկոս: Կարեւորութեամբ կը նշուի, որ եւրոպական երկիրներու մէջ նոյնիսկ նման ցուցանիշ հազուադէպօրէն կÿարձանագրուի:
Ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Քարէն ՄաքՏոնալծցը «Ազատութեան» հետ զրուցելով  յայտնած է իր կարծիքը, թէ ընտրութիւնները անցած են «թափանցիկ, արդար ու միջազգային չափանիշներու համապատասխան»:

Շարմազանով. «Օր մը Արցախը միջազգային ճանաչում պիտի ստանայ»

Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները դիտարկող Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամները երեք օրերու ընթացքին հանդիպած են ԼՂՀ նախագահին, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, քուէարկութեան օրը իրականացուցած են դիտորդական առաքելութիւն եւ կը փաստեն, որ ԼՂՀ 6-րդ գումարման ԱԺ ընտրութիւնները անցած են բաց, թափանցիկ եւ համապատասխանած են ժողովրդավարական բոլոր չափանիշներուն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը Ստեփանակերտէն, ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով ըսած է, որ իրենց պատուիրակութիւնը բաժանուած է 4 խումբի եւ որեւէ ընտրատեղամասի մէջ պատգամաւորները խախտում չեն արձանագրած: «Արցախի ժողովուրդն ապացուցեց, որ ինքն է իր ճակատագրի դարբինն ու ապացուցեց ազատ, անկախ երկրում ապրելու իր իրաւունքը: Այս ընտրութիւնները կարող են օրինակելի լինեն տարածաշըրջանի բոլոր երկրների համար: Որեւէ տհաճ միջադէպ չի արձանագրուել եւ Արցախում ընտրութիւնը ընկալւում է որպէս քաղաքական գործընթաց»,- ըսած է Շարմազանով:

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախը ապացուցեց իր ժողովրդավարական բարձր մակարդակը»

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ այս ընտրութիւններով Արցախը ապացուցեց իր ժողովրդավարական բարձր մակարդակը: Ապացուցեց նաեւ, որ Արցախը հետաքրքրական է աշխարհի համար: «Այն տեսակէտը, թէ իբր Արցախը մի կերպ է գոյատեւում ի չիք դարձաւ, քանի որ մի կերպ գոյատեւող պետութիւնը չի կարող նման մակարդակի ընտրութիւններ կազմակերպել: Գոհունակութեամբ ասեմ, որ բանակը ե՛ւ պաշտպանում էր սահմանը, ե՛ւ մասնակցում ընտրութիւններին: Գիտենք, որ այս օրերին սահմանին լարուած է եղել, մէկ վիրաւոր ենք ունեցել, սակայն բանակը կարողացաւ պաշտպանել երկրի անվըտանգութիւնը, իսկ զինուորները կատարեցին իրենց քաղաքացիական պարտքը: Սա փաստում է, որ Արցախը կայանում է եւ կը գայ մի օր, որ Արցախը միջազգային ճանաչում կը ստանայ»,-ընդգծած է Ռուստամեան:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան բարձր մակարդակ արձանագրուած է: «Անգամ նախագահական ընտրութիւններին չի արձանագրուել 70 տոկոս մասնակցութիւն: Սա փաստում է, որ արցախցին կարեւորում է Ազգային ժողովի դերակատարութիւնն իր կեանքում: Իսկ այս ԱԺ-ն լինելու է աւելի փրոֆէսիոնալ» (արհեստավարժ):
Արցախի վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը Մայիս 3-ին տեղի ունեցած խորհըրդարանական ընտրութիւններուն  նախնական տուեալները հրապարակած է՝ յայտարարելով «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան յաղթանակին մասին:
Բեգլարեանի տեղեկութիւններով՝ «որոշ ընտրատարածքներու մէջ կատաղի պայքար մղուած է, եւ չնչին տարբերութեամբ որոշ թեկնածուներ յաղթած են»:

«Արցախի ընտրութիւնները կրնան օրինակ ծառայել բազմաթիւ երկիրներու համար» Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք էնկելը, որ Մայիս 3-ին դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, շեշտած է, որ շատոնց չէ տեսած այսպիսի կազմակերպուած ընտրութիւններ, բարձր մակարդակ եւ մասնակցութեան նման ցուցանիշ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը՝ ըստ Էնկելի, ԼՂՀ ընտրութիւններուն պատկերն ու ընթացքը պէտք է օրինակելի դառնան բազմաթիւ երկիրներու համար, որոնք կը ցանկանան հասնիլ ժողովրդավարական ցուցանիշի: «2013-ին երկրի մը մէջ, կարծեմ անունը Ատրպէյճան է, նախագահական ընտրութիւններ էին եւ նախքան քուէատուփերու բացումը արդէն յայտնի էր, թէ ով յաղթած է ընտրութիւններուն:
«Արցախի մէջ մենք նման բան չենք տեսած: Ես եղած եմ 20 ընտրատեղամասերու մէջ եւ ընտրական գործընթացը կը համապատասխանէր այն չափանիշներուն, որոնք կան Եւրոպայի մէջ»,-  ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամուլի կեդրոնին մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ ըսած է Էնկելը՝ աւելցնելով, որ Արցախը դարձեալ ապացուցեց իր ժողովրդավարական բարձր մակարդակը:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը նաեւ ափսոսանք յայտնեց ԼՂՀ ԱԺ ընտրութիւններու վերաբերեալ Եւրոմիութեան եւ եւրոպական այլ կառոյցներու յայտարարութիւններուն առնչութեամբ:
«Համոզուած եմ, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չըլլային ընտրութիւններ, ապա անոնք պիտի ըսէին որ Արցախը Կովկասի մէջ ժողովրդավարական սեւ փոս է, երբ կան ընտրութիւններ, անոնք կը յայտարարեն, որ չեն ճանչնար: Ես այդ մօտեցումը չեմ ընդունիր, եւ ատիկա կարելի չէ կիրառել Արցախի ժողովուրդին համար, քանի որ այս երկրի ժողովուրդը կ՛առանձնանայ իր քաղաքական կամքով եւ ժողովրդավարական ճանապարհով»,- ըսած է Էնկելը: