Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով՝ Արցախ կը գտնուին շուրջ 100 միջազգային դիտորդներ, իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու նպատակով: Արցախի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ հանդիպումներ ունեցած են միջազգային դիտորդներ, պատգամաւորներ եւ կուսակցական գործիչներ :
Հանդիպմներուն մասնակցած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլէնի Թեոխարուս, Հայաստանի մօտ Գերմանիայի նախկին դեսպան Հանս-Եոհեն Շմիտ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը:
Դիտորդները լաւատեսութիւն յայտնած են, որ այս ընտրութիւններով Արցախը քայլ մը եւս տարած կþըլլայ ժողովրդավարութեան ճանապարհին վրայ: