Print
Category: Հայաստան-Արցախ

* Ղարաբաղեան 7 քաղաքական ուժեր մասնակցութիւն բերին ընտրութիւններուն։
* ԼՂՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի հաղորդումով՝ ընտրողներու ընդհանուր թիւն է 101.653 հոգի։


* ԼՂՀ ընտրութիւններուն հետեւելու համար Ստեփանակերտ ժամանած են աւելի քան 100 միջազգային դիտորդներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ երէկ Կիրակի Մայիս 3-ին կայացան 6-րդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները:
Առաւօտեան, ըստ սահմանուած կարգի, բացուեցան բոլոր 279 տեղամասային ընտրական յանձնաժողովները: Տեղամասերէն մէկը կը գտնուէր Երեւանի մէջ, իսկ մէկ այլ՝ քրէակատարողական հիմնարկի մէջ: Ընտրութեան իրաւունք ունեցող 101.653 քաղաքացիները մինչեւ երեկոյեան ժամը 20:00-ն ներկայացան ընտրատեղամասեր, իրենց քաղաքացիական պարտքը կատարելու համար:
Այս ընտրութիւններուն կը մասնակցին մեծամասնական ընտրակարգով արձանագրուած 42 եւ համամասնական ընտրակարգով 7 կուսակցութիւններու 164 թեկնածուներ:
Ազգային ժողովի տեղերուն համար կը պայքարին «Ազատ հայրենիք» «Ազգային վերածնունդ», «Արցախի ժողովրդավարական», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», «Խաղաղութիւն եւ զարգացում», «Շարժում-88» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական» կուսակցութիւնները:

Եւրոմիութիւնը չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները

Եւրոպական միութեան բանբերը յայտարարած է, որ Եւրոմիութիւնը չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն սահմանադրական եւ իրաւական շրջանակները: Հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ գրուած է. «Այս ընթացակարգերը չեն կրնար ուղղորդել ԼՂ ապագայ կարգավիճակի որոշումը կամ ազդել բանակցային գործընթացին վրայ»։

Մոլտովացի դիտորդ. «Ղարաբաղի ժողովուրդը կը քուէարկէ իր երկրի ապագային համար»

Այն ինչ որ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրական օրէնսգիրքով, կանոնաւորապէս տեղի ունեցաւ: Այս մասին արտայայտուեցաւ միջազգային դիտորդ, Մոլտովայի Գերագոյն խորհուրդի անդամ Եկոր Տեաչենքօն: «Մենք արդէն այցելած ենք  ընտրատեղամասեր եւ որեւէ խախտում չենք նկատած: Ընտրողներու մէջ կայ աշխուժութիւն եւ ցանկութիւն՝ քուէարկելու ԼՂ ապագային համար»,- ըսած է ան։

Արթուր Աղաբէկեան. «Դաշնակցականները ձեռք բերած են ընտրողներու հաւատքն ու վստահութիւնը»

Հ.Յ.Դ. ցուցակը գլխաւորեց ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը։ Ան նշեց, որ դաշնակցական քարոզչական խումբերը շուրջ չորս հարիւր համայնքներու մէջ ընտրողներու հետ ունեցած են հանդիպումներ, որոնց ընթացքին համոզուած են, որ իրենց աշխատանքը զուր չէ անցած եւ Դաշնակցութիւնը յաջողած է շահիլ ընտրողներու հաւատքն ու վստահութիւնը: «Մինչեւ մեր քարոզարշաւը մեր ժողովրդի եօթանասուն տոկոսը տեղեակ չէր, թէ ես ինչ կապ կարող եմ ունենալ ՀՅԴ-ի հետ, ուստի մեր քարոզարշաւները ունեցան իրենց դրական ազդեցութիւնը նաեւ այս առումով»,- ըսաւ Աղաբէկեանը: