Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախքան Երեւանէն իր մեկնումը, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Նախագահ Սարգսեան ողջունեց նախագահ Հոլլանտը եւ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է կրկին հիւրընկալել Ֆրանսայի նախագահը Հայաստանի մէջ, ուր ան այնքան սպասուած ու սիրուած հիւր է: Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ յիշեց որ տարի մը առաջ, դարձեալ այս օրը Հոլլանտ Հայաստան էր՝ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալով եւ ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասնակցելով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան հպարտ է Ֆրանսայի նման պետութեան մը հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ Հոլլանտի ելոյթը 100ամեակին առիթով եւ  աշխարհին յղած անոր ուղերձները, առանց որոնց ոգեկոչման այսօրուան ձեռնարկները լիարժէքօրէն տեղի պիտի չունենային:
Իր կարգին, Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդգծեց, որ այն զգացումը ունի, թէ Երեւանի մէջ պատմական իրադարձութեան մասնակցած է. պատմական, որովհետեւ 100-րդ տարելիցն էր Հայոց Ցեղասպանութեան: Պատմական, որովհետեւ ձեռնարկին բոլոր մասնակիցները խաղաղութեան եւ յոյսի ուղերձ յղեցին այն ազգերուն, որոնք պատմութեան ընթացքին ճնշուած են եւ դառնութիւններ կրած: