23 Ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բացօթեայ խորանին վրայ արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան ընթերցեց Եպսիկոպոսաց ժողովի հռչակագիրը, որով իբրեւ տարեկան եկեղեցական տօնացուցային օր սահմանուած է 24 Ապրիլը՝ ի
յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 4։15ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ՝ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներ օծեցին մասունքարանն ու սրբապատկերը: Վեհափառները ապա յղեցին իրենց պատգամները:
Սրբադասման արարողութեան առիթով մասունքարանին մէջ զետեղուած էին Տէր Զօրէն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին բերու
ած մասունքներն ու Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն տարուած մասունքները, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի բազմաթիւ մասունքներէն բերուած էին 14 սրբութիւններ, որոնց շարքին՝ Սուրբ Գեղարդը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջը, Զէյթունի աւետարանը, Գէորգ Զօրավարի, Սահակ Պարթեւ հայրապետի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքները: Արարողակարգին մասնակցեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած եկեղեցապետեր եւ եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններ:
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան ներկայ եղաւ հայ քաղաքական վերնախաւը՝ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայ եղան նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պաշտօնական եւ հոգեւոր պատուիրակութիւններ:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայութեան վերապրելու իրականութեան, որուն համար եւ նահատակներու սրբադասման համար փառք պէտք է տալ Աստուծոյ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ հասկացողութեան մէջ սուրբերուն՝ դիտել տալով, որ հայ եկեղեցին սուրբերը կը բնութագրէ իբրեւ Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ լեցուած՝ չարը յաղթող ու քրիստոնէական ճշմարտութիւններու յաւերժացման համար իրենց անձերը ընծայաբերող վկաներ։