Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանի խօսքերով, Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը միջազգային այն ճնշման արդիւնքն է, որ վերջին օրերուն կը զգայ Թուրքիան։
Մանոյեան կ’ըսէ թէ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը, պէտք էր Ապրիլ 23ին կատարուէր, ինչպէս անցեալ տարի, սակայն Ապրիլ 21ին գումարուած Թուրքիոյ կառավարութեան նիստին, որ կը վարէր նախագահ Էրտողանը, որոշում առնուած էր նախապէս հրատարակել ուղերձը.- «Իրենք այդ ճնշումներուն տակ փորձած են ինչ-որ ձեւով արձագանգել, հակազդել՝ ցոյց տալու համար, որ իբրեւ թէ որոշ չափով տեղի կուտան այն ճնշումներուն, առաջքը առնելու համար յառաջիկայ զարգացումներու։ Հաւանաբար մի քանի պետութիւններ եւս կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը։ Յատկապէս խօսքը կը վերաբերի Գերմանիոյ, ուր ամէն ինչ պատրաստ է, բայց կը մնայ արձանագրութիւնը»։