Details
Category: Հայաստան-Արցախ
Created: 23 April 2015
Յունաստանէն կը մասնակցի միջազգային գիտութեանց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ կազմակերպման մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ազատ Օր»ին
Ուժական եւ գիտական բարձր մակարդակով անցաւ խորհրդաժողովի առաջին օրը Երեւանի մէջ։ Ապրիլ 22 եւ 23ին երկօրեայ խորհրդաժողովը կը համախմբէ աւելի քան 600 մասնակիցներ՝ մօտ 50 երկիրներէ:Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ապա ողջունեցին Գարեգին Բ. Վեհափառը հայրապետը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորբիորն Եակլանտ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ Տանիէլ Ֆեյերստայնը:
Ֆորումի ընթացքին քննարկուեցան միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացման, ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման եւ պատասխանատուութեան խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Նիստերուն կը նախագահեն միջազգային իրաւունքի յայտնի մասնագէտներ Լուիզ Մորենօ Օքամպօ, Ճեֆրի Ռոպերտսոն, քաղաքական գործիչներ Ֆրանսայի Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան անդամ Փաթրիկ Տեւեճեանը, Մարդասիրական օգնութիւն բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր ու գործադիր տնօրէն, պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, Հայաստանի ազգային հերոս եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Զեկոյցներով հանդէս կու գան միջազգային իրաւունքի ականաւոր մասնագէտներ, յայտնի պատմաբաններ, ցեղասպանագէտներ, որոնց կարգին Ֆրանք Չոք, Ուիլիամ Շապաս, Իսրայէլ Չարնի, Ռակըպ Զարաքօլու, Մայքլ Պոլանտեր, Ռոճեր Սմիթ, Հենրի Թերիօ, Ճենգիզ Աքթար, Եաիր Աուրոն:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները երէկ առաւօտուն բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցանելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն կից նախատեսուած են այցելութիւններ եւ հանդիպումներ Հայաստանի մէջ։
Հելլէն խորհրդարանի նախագահ՝ Զոյի Գոսթանտոփուլուի ելոյթը
Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան ընթացքին, այսօր Հինգշաբթի 23 Ապրիլի առաւօտուն ֆորումի բեմէն ելոյթ ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ տիկ. Զոյի Գոսթանտոփուլու, նշելով, թէ հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի ՄԱԿ¬ի անդամ բոլոր պետութիւններու խորհրդարաններուն կողմէ։ «Ցեղասպանութիւնը յիշելը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքն է, այլ նաեւ մարդկութեան պարտականութիւն, պարտք է ապագայ սերունդներուն նկատմամբ։ Յուշը կանխարգիլման մեքանիզմ է։ Մենք պարտաւոր ենք յիշեցնել որ ցեղասպանութիւնը ամենավայրագ յանցագործութիւնն է։ Լրջօրէն պէտք է ընդդիմանալ օտարատեացութեան, ընդդիմանալ բոլոր վատ երեւոյթներուն»։