Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ապ­րիլ 24ին քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հոս­քը Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր պի­տի թոյ­լատ­րո­ւի միայն ժա­մը 14.00էն ետք: Մինչ այդ` Ե­ղեռ­նի զո­հե­րուն յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցեն օ­տա­րերկ­րեայ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը: Կ­՝ակն­կա­լո­ւի, որ այդ օ­րը Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ այ­ցե­լեն Ֆ­րան­ սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լան­տ՝ 120 հո­գի կազ­մող պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ, ՌԴ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թի­ն, հնա­րա­ւոր է նաեւ Հ­ռո­մի Պա­պի եւ Լե­հաս­տա­նի նա­խա­գահ Պ­րո­նիս­լաւ Գո­մո­րովս­քիի այ­ցը:

Բա­ցի այդ` պի­տի ըլ­լան օ­տա­րերկ­րեայ բարձ­րաս­տի­ճան այլ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ եւս: Այս առն­չու­թեամբ պի­տի ձեռ­նար­կո­ւին անվ­տան­գու­թեան բա­ցա­ռիկ քայ­լեր: