Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Զուարթնոց» օդակայանի մեկնումի  նոր սրահի բացումը յատկանշուեցաւ առաջին ուղեւորի պարգեւատրմամբ: Սանք Փեթըրպուրկ մեկնող Ֆենիա Եղիազարեանին տրուեցաւ առաջին ուղեւորի վկայականը եւ duty free-էն 100 տոլարի չափով գնումներ կատարելու հնարաւորութիւն: Ընկերուհիի մը տղու հարսանիքին մեկնող Ֆենիա Եղիազարեան քաղցրեղէն եւ հայկական քոնիակ գնեց հիւրընկալող ընտանիքի համար:

Նոր համալիրը կը զբաղեցնէ 34 հազար քմ տարածք, նախկին սրահի հաշուառման 24 սեղաններու փոխարէն կը գործէ 48-ը:
Ինչպէս Tert.am-ի հետ զրոյցին յայտնեց «Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ՓԲԸ գլխաւոր կառավարիչի տեղակալ Անդրանիկ Շխեան, հաշուառման սեղաններու թիւի աճը նպատակ ունի աւելի արագ սպասարկելու, որպէսզի ուղեւորներու կուտակումներ չգոյանան: Նախորդ տարի օդակայանը սպասարկած է մէկ միլիոն 600 հազար ուղեւորի (ժամանող եւ մեկնող). այսօր բացուած համալիրը տարեկան մինչեւ 3,5 միլիոն ուղեւորահոսք սպասարկելու հնարաւորութիւն ունի: «Երբ ուղեւորահոսքի ծաւալը կը հասնի երեք միլիոնի, կը մտածենք տարածքը ընդարձակելու մասին»,- ըսաւ Անդրանիկ Շխեան:
Համալիրը ունի կառավարական եւ գործառնական VIP սրահներ, մեքենաներու նոր կայանատեղի՝ 20 հազար քմ տարածքով: Շինարարութիւնը սկսած է 2008ի Հոկտեմբերին, կատարուած է 160 միլիոն տոլարի ներդրում: Նոր համալիրը ունի անվտանգութեան միջազգային պայմաններ, ճառագայթներով ստուգման համակարգ, ինքնաշխատ լուսապատճէնող սարքեր, կեդրոնական ջեռուցում, օդափոխութեան, օդորակման ժամանակակից եւ բարձրակարգ համակարգեր:
Օդանակայանի ենթակառուցուածքներու եւ սարքաւորումներու արդիականացման համար կատարուած են 320 միլիոն տոլարի ընդհանուր ներդրումներ:
Մեկնումի հին սրահի շէնքը հետագային կը վերափոխուի հիւրանոցի: Այս եւ հետագայ այլ ծրագրերու մասին լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց «Ամերիկեան միջազգային օդակայաններ» հաստատութեան նախագահ Էդուարդօ Էռնեկեան՝ կարեւորելով նաեւ օդակայանի ողջ տարածքի բարեկարգումը, մինչեւ օդակայան նոր, ուղիղ ճանապարհներու կառուցումը: «Զանազան գաղափարներ ունինք: Հայաստան արժանի է ամենալաւին, մենք պիտի փորձենք ընել լաւագոյնը: Կատարուածը կը բարձրացնէ Հայաստանի վարկանիշը աշխարհի մէջ, կը բերէ նոր զբօսաշրջիկներ, որ իր հերթին կþենթադրէ նոր աշխատատեղերու ստեղծում»,- ըսաւ Էդուարդօ Էռնեկեան: