Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Շաբաթ, 08 Հոկտեմբեր, 2011

Առաւօտ կանուխ ճամբայ կ'ելլենք Երեւան երթալու։ Այս շաբաթավերջը չափազանց խճողոած է Հայաստանի տարածքին։ Թարգմանչաց տօնն է, եւ ըստ սովորութեան, գրողները պիտի այցելեն Օշական եւ ապա հոն այս տօնին նուիրուած միջոցառում կայացնեն։ Էջմիածինը կը նշէ իր ծննդեան տօնը եւ բացօդեայ բազմաթիւ միջոցառումներ, պատմական դէպքերու թատերական ներկայացումներ, եւայլն։ Արենիի մէջ կը նշեն Գինիի Տօնը։ Լոռիի մէջ՝ Բերքի տօն է, իսկ Սիւնիքի մէջ՝ Հացի տօն։

Երեւանի մէջ այսօր պիտի նշուի, «Այբ» աւագ դպրոցի պաշտօնական բացումը։ Այս աւագ դպրոցի (high school) մասին լսած ենք մեզ այցելող բարեկամներէն։ Ան մտայղացումն է Մեսրոպ քահանայ Արամեանին, որ Երեւանի մէջ հոգեւոր ռատիոկայանի մը վարիչն է։ Այս դպրոցը մասնաւոր վճառովի դպրոց մըն է, որուն աշակերտները զանազան քննութիւններ կþանցընեն ընդունուելու համար եւ բարձր մակարդակի կարողութիւն եւ գիտութիւն պէտք է ունենան։ Ան կը միտի գիտութեան կողքին աշակերտներուն մէջ  սերմանել ազգային եւ հոգեկան արժէքներ եւ պատրաստել մեր երկրի ապագայ առաջնորդները։ Այս գաղափարը կը հետաքրքրէ մեզ եւ կþորոշենք այսօր տեղի ունեցող զանազան միջոցառումներէն, ներկայ ըլլալ այս մէկին։ Բացման արարողութեան ներկայութիւնը հրաւիրատոմսով է։ Մեր բարեկամները յանձն կ'առնեն զանոնք ապահովել մեզի համար։
Եղանակը այսօր հիանալի է, արեւոտ ու տաքուկ։ Երկրի տարածքին բոլոր միջոցառումները, որոնք ընդհանրապէս բացօդեայ են, եղանակային դժուարութիւններ պիտի չունենան։ Առաւօտ կանուխ ճամբայ կ'ելլենք Երեւան երթալու։ Ժամադրուած ենք Լոս Անճելըսէն Յակոբի յարկաբաժինը, որ Կողբացի փողոցի վրայ նոր կառուցուած շէնքի մը մէջ է։ Այս յարկաբաժինը, ուր կը գտնունք առաջին անգամ, կը տպաւորէ մեզ, իր ընդարձակութեամբ, պատշգամէն մեր առջեւ բացուող Երեւանի համայնապատկերով, զուսպ կահաւորումով եւ պատերէն կախուած ճաշակաւոր գեղանկարներով։ Հոս են, քանի մը այլ մարդիկ, որոնք եկած են նոյն նպատակով։ Երկու ինքնաշարժով կþելլենք ճամբայ։
Մեզ զգուշացուցած են արդէն, որ հարկ է մեր անձագիրները ունենալ։ Դպրոցի տարածք չմտած, ոստիկանական խումբեր կը ստուգեն զանոնք։ Կը մտնենք լայնատարած կանգառ մը եւ քալելով կ'ուղղուինք դէպի քիչ մը հեռուն երեւցող դպրոցի նորակառոյց շէնքը։ Դարձեալ կը ստուգեն մեր անուններու գոյութիւնը հրաւիրեալներու ցանկին վրայ եւ կը մտնենք դպրոցի առջեւ բացուող ընդարձակ կանաչապատ բակը։ Այս բակի մէկ ծայրը զետեղուած է երկար վրան մը, որուն տակ զետեղուած են հիւրասիրութեան սեղանները։ Մուտքին՝ փոքր հարթակի մը վրայ լարային քառեակ մը կը նուագէ դասական երաժշտութիւն։ Յաջորդ քանի մը ժամերուն ընթացքին, որպէս հայկական մեղեդի միայն «Ալայլուղս» կը լսեմ։
Կը նստինք փոքրիկ սեղաններու շուրջ, որոնք զետեղուած են մարգագետնին վրայ, սուրճ կը խմենք եւ կը հիանանք դպրոցի նոր եւ արդիական շէնքին վրայ, շաղակրատելով այս երեւոյթին մասին եւ սպասելով բացման պաշտօնական արարողութեան, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ մեր նախագահը։
Մեր նման սպասողներուն մէջ կը նկատենք կրթական նախարար՝ Արմէն Աշոտեանը, Ակադեմիայի նախագահ՝ Ռատիկ Մարտիրոսեանը, Viva cell հաստատութեան տնօրէն՝ Ռալֆ Յիրիկեանը եւ այլ ականաւոր դէմքեր։ Քիչ մը ուշացումով կը հասնի մեր նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը։ Ամէնքս կը բոլորուինք դպրոցի շէնքին առջեւ ու կը սկսի հանդիսութիւնը։
Երկու աշակերտներ կը վարեն ձեռնարկը։ Առաջին բեմ բարձրացողը Մեսրոպ քահանան է, որ կը պատմէ այս դպրոցի գաղափարին շուրջ հաւաքուած 12 «առանցք-դրամագլուխ»ի հիմնադիրներուն մասին, ընդհանրապէս ռուսաստանաբնակ մեծահարուստներ եւ ապա այս ձեռնարկութիւնը հովանաւորող 45 անհատներու եւ կազմակերծութիւններու մասին։ Տասը ամսուան ընթացքին կառուցուած է միջազգային ամէնէն յաւակնոտ չափանիշներով այս շէնքը, որ իր դռները բացած է անցեալ ամսու մէկին։ Այժմ դպրոցի աշակերտութիւնը կը հաշուէ 72 հոգի, 3 տասներորդ դասարաններու եւ մէկ տասնըմէկերորդ դասարանի մէջ, իւրաքանչիւր դասարանի մէջ 18 հոգի։ Տարեվճարը 6000  ամերիկեան տոլար է, սակայն դպրոցի քաղաքականութիւնը այն է, որ ոչ մէկ յառաջադէմ աշակերտ մերժուի նիւթական անբաւարարութեան պատճառներով։ Այժմ, աշակերտութեան 68% նպաստառու է։ Ան կը խօսի ուսուցչական կազմի 40 անձերուն մասին, որոնցմէ 33-ը արդէն ունին իրենց դոկտորոկան վկայականները եւ մնացեալը թեկնածու են այդ վկայականին։ Հիմնադիրները կը յուսան, որ այս դպրոցը օրինակ պիտի դառնայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին հայկական դպրոցներուն եւ անոր օրինակով բազմաթիւ  դպրոցներ պիտի բացուին։
Կրթական նախարար՝ Արմէն Աշոտեան իր խօսքին մէջ Չինական առած մը կը մէջբերէ, որ կը տպաւորէ զիս։ Ըստ այս առածին, եթէ տեղ մը մէկ տարիով կը հաստատուիս, բրինձ պէտք է ցանել։ Եթէ քանի մը տարիով բնակութիւն կ'ուզես հաստատել, այգի պէտք է տնկել, իսկ եթէ հիմնական կþուզես հաստատուիլ, պէտք է դպրոց բանալ։ «Մենք դպրոց ենք կառուցում», կը վերջացնէ ան։
Ապա կը սկսի դպրոցի օրհնութեան կարգը, Արարատեան թեմի առաջնորդ Նաւասարդ Արք. Կոճոյեանի ձեռամբ, յետոյ դպրոցի աղջկանց երգչախումբը բեմ կը բարձրանայ եւ կ'երգէ «Ազատ Հայաստան» անունով ինծի անծանօթ երգ մը, որմէ ետք նախագահական խումբը, կը հատէ մուտքի ժապաւէնը եւ կը մտնէ դպրոցի շէնքը այցելելու։
Բեմին վրայ տեղի կ'ունենայ մնջախաղ մը, աշակերտներու մասնակցութեամբ, որ կարծեմ աշխատանքի եւ նախաձեռնութեան մասին է։ Ապա հերթը մեզի կը հասնի շրջագայելու դպրոցի շէնքին մէջ, Նախագահական խումբի մէկնումէն ետք։ Այս շէնքը մեր հասկցած դպրոցական շէնքերէն չէ։ Սպիտակ պատերուն վրայ կարելի է գրել եւ սրբել։ Բոլոր դասարանները ունին փոխազդեցիկ (interactive) սարքեր։ Չկայ համակարգչային սենեակ, որովհետեւ ամէն աշակերտ ունի իր համակարգիչը եւ միշտ կապուած է կեդրոնական համակարգիչին։ Կայ արուեստանոց, զանազան տարալուծարաններ, մեծ գրադարան եւայլն։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան բեմահարթակ կþելլէ ճազային խումբ մը։ Ընդհանրապէս անգլերէնով երգուած երգերը պատճառ կը դառնան, որ աշակերտները հոս հոն սկսին պարել…
Որքան ալ որ Հայաստանի բնակիչ նկատենք մենք մեզ, տակաւին մեր մտածելակերպը, որ ձեւաւորուած է սփիւռքի մէջ, կը շարունակէ տիրապետել մեր հակազդեցութիւններուն։ Թէ բացման լարային քառեակը, թէ փակման ճազային խումբը՝ օտարերէն կը հրամցնեն մեզի։ Հայրենի հողին վրայ, թերեւս այս մէկը ներելի է, սակայն սփիւռքեան իրականոութեան մէջ հայաշունչ երախաներ կերտելու նպատակին հետ խոտոր կը համեմատի։  Հայրենի հողին վրայ թերեւս միշտ հայկականին ապաւինիլը լճացման կը տանի եւ պէտք է անպայման օտար մշակոյթ ալ ներկայացնել, բայց մենք տակաւին հաշտ չենք այս գաղափարին հետ։
Երեկոյեան կþայցելեմ դպրոցի կայքէջը եւ կը կարդամ հետեւեալը,-
«Ի՞նչ է «Այբ» դպրոցը
«Այբ» դպրոցը՝ որպես «Հայկական դպրոցի» բրենդ (brand, Է.Շ.)
«Այբ» դպրոցն առաջին հայկական դպրոցական աւանն է, որտեղ համադրւում են Մեսրոպեան դպրութեան լաւագոյն աւանդոյթներն ու կրթական ժամանակակից տեխնոլոգիաները: «Այբ» դպրոցը ձգտում է դառնալ 21-րդ դարի հայկական դպրոցի մոդելը, դպրոց, որն՝ իր հոգեւոր, մշակութային, մտաւոր եւ սոցիալական չափումներով հանդերձ, դառնալու է «Հայկական դպրոցի» բրենդը:
«Այբ»-ի տեսլականն է՝ ձեւաւորել ուսեալ եւ մրցունակ սերունդ, սերունդ երիտասարդ հայերի, որ պատրաստ է կերտել ապագան: Մարդիկ, ովքեր ճանաչում եւ օգնում են միմեանց, օրինակ են ծառայում, տարածում են իրենց գաղափարները, ոգեւորում են, ում ձեռք են մեկնել ժամանակին, եւ ովքեր պատրաստ են ձեռք մեկնել իրենցից յետոյ եկողներին: «Այբ»-ի տեսլականն է ստեղծել կրթուած եւ առաքինի երիտասարդների ցանց, ովքեր համարձակօրէն գրաւում են իրենց մասնագիտական բարձունքները եւ ապահովում իրենց ներկայութիւնը համաշխարհային զարգացումների կիզակէտերում:
«Այբ» դպրոցը կառուցւում է այսօր ‘ դարերի համար…
«Այբ» դպրոցական աւանը կամ «Այբ կրթական հանգոյցը», ինչպես մենք ենք այն կոչում,զբաղեցնելու է Երեւանի Թբիլիսյան խճուղուն յարող 6.5 հա հողատարածք: Դպրոցը նախատեսված է 810 աշակերտի համար եւ ունի եռաստիճան համակարգ‘ տարրական, միջին եւ աւագ դպրոցներ:«Այբ կրթական հանգոյցի» միւս բաղադրիչներն են մեդիա արվեստների կենտրոնը, գործարար կենտրոնը, եկեղեցին, մանկապարտէզը, բնակելի համալիրը եւ հանրային այգիները: «Այբ կրթական հանգույցը»՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, ձգտում է կրթութեան օգնութեամբ ստեղծել համայնքային կեանքի միկրոմոդել, որը ապա կը խմորի համազգային՝ մակրոհամակարգի զարգացումը:
Ամբողջ ծրագիրը նախատեսւում է իրականացնել փուլ առ փուլ: Այսօր կառուցւում են աւագ դպրոցի առաջին երկու մասնաշէնքերը՝ նախատեսուած 160 աշակերտի համար: Ապա կը մեկնարկի աւագ դպրոցի նոր՝ աւելի մեծ շէնքի կառուցումը, իսկ այսօրվայ մասնաշէնքերը կը վերափոխուեն մեդիա-արուեստների կենտրոնի: Ապա կը կառուցուեն միջին եւ տարրական դպրոցները: Սրանք լինելու են իրարից անկախ, առանձին ադմինիստրատիւ համակարգեր ունեցող կառոյցներ: Իսկ դպրոցից յետոյ կը կառուցուեն նաեւ բնակելի համալիրը, եկեղեցին, մանկապարտէզը, գործարար կենտրոնը եւ «Այբ կրթական հանգոյցի» միւս բաղադրիչները:»
Ինչպէս կարելի է նկատել, ծրագիրը շատ յաւակնոտ է։ Յաւակնոտ բառը հոս կը գործածուի դրական իմաստով (ambitious)։ Յաջողութիւն կը մաղթենք այս ձեռնարկութեան եւ կը յուսանք, որ ան կը յաջողի իրականացնել իր նպատակները։


Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի