Եւրոպա մեկնեցան 36 հայ խաղաղապահներ, մասնակցելու համար Եւրոպայի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերուն կողմէ կազմակերպուող Saber Junction 15 ուսումնավարժանքին:
Այս վարժանքին նպատակն է դաշնակից ու գործընկեր պետութիւններու համատեղ ուժերու կազմէն ներս հանդես գալու համար նախապատ րաստել պրիկատային մակարդակի զօրամիաւորում:
Հայաստանի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան հաղորդմամբ, վարժանքը պիտի կազմակերպուի Գերմանիոյ, Լիտվայի եւ Ռումանիոյ մէջ ու պիտի աւարտի Ապրիլ 30ին։
Saber Junction 15 վարժանքի ծիրէն ներս ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւնները կը նախապատրաստուին յարձակողական, պաշտպանական գործողութիւններու համար։
Saber Junction 15 վարժանքին կը մասնակցին 17 պետութիւններէ աւելի քան 5 հազար զինուորներ: Ուսումնավարժանքին կը մասնակցին ՆԱԹՕ-ի դաշնակից պետութիւններ Ալպանիան, Պելճիքան, Պուլկարիան, Թուրքիան, Լատվիան, Լեհաստանը, Լիտվան, Լիւքսեմպուրկը, Հունգարիան, Սքոփիան, Մեծն Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգները, Մոլտովան եւ Ռումանիան, ինչպէս նաեւ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրով ՆԱԹՕ-ի գործընկեր պետութիւններ Պոսնիա-Հերցոկովինա, Հայաստան եւ Շուէտ։
Ամերիկեան դեսպանատունը կը նշէ, որ հայ-ամերիկեան համատեղ այս վարժանքը նախատեսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ցամաքային ուժերու միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրով: