Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նիս­տին, երբ կը քննար­կո­ւէր «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան  տօ­նե­րու եւ յի­շա­տա­կի օ­րե­րու մա­սին» օ­րէն­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն եւ լրա­ցում կա­տա­րե­լու մա­սին հար­

ցը, ո­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի 9 Դեկ­տեմ­բե­րը սահ­մա­նել իբ­րեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի մի­ջազ­գա­յին օր, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ՀՅԴ խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան հար­ցում ուղ­ղած է հիմ­նա­կան զե­կու­ցող, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­տակ Զա­քա­րեա­նին:

 

«­Հա­ւա­նա­բար տե­ղեակ էք, թէ ին­չո՛ւ 24 Ապ­րի­լը նկա­տո­ւած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու  յի­շա­տա­կի օր: «­Հա­յոց» բա­ռը յա­տուկ չէ շեշ­տո­ւած` նկա­տի առ­նե­լով, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ապ­րած այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կրնան այդ օ­րը հա­յե­րուն հետ յի­շել այդ օ­րը: Այս փո­փո­խու­թեամբ կար­ծես  մենք յա­տուկ կը շեշ­տենք, որ 24 Ապ­րի­լը միայն հա­յե­րուն կը վե­րա­բե­րէր, ա­տի­կա որ­քա՞ն  նպա­տա­կա­յար­մար է: Երկ­րորդ հար­ցու­մը` 9 Դեկ­տեմ­բե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օր յայ­տա­րա­րե­լը կը նշա­նա­կէ, որ մեր հայ­կա­կան տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ կ­՛ու­նե­նանք ա­նընդ­հատ զո­հե­րու մա­սին վկա­յու­թիւն: Այն, որ դուք ա­տի­կա կը կա­պէք ՄԱԿ-ի հռչա­կա­գի­րին, այն­տեղ զո­հե­րու մա­սին խօսք չկայ, այն­տեղ խօսք կայ պայ­քա­րի, կան­խար­գիլ­ման եւ պա­տի­ժի մա­սին: Այլ խօս­քով, ճիշդ չ­՛ըլ­լա՞ր, որ 9 Դեկ­տեմ­բե­րը  հռչա­կո­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րի մի­ջազ­գա­յին օր», հարց տո­ւած է Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան` շեշ­տե­լով, որ պայ­քա­րի օր յայ­տա­րա­րե­լը ա­ւե­լի տրա­մա­բա­նա­կան կ­՛ըլ­լար: Ար­տակ Զա­քա­րեան նշած է, որ ՄԱԿ-ի հռչա­կա­գի­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ պա­տի­ժի մա­սին կը խօ­սի: «­Քա­նի որ մեր յի­շա­տա­կի օ­րա­ցոյ­ցին մէջ չու­նինք բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օր, բնա­կա­նա­բար, 9 Դեկ­տեմ­բե­րը մե­զի  կա­րե­լիու­թիւն  կու տայ յի­շե­լու եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու այդ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն», ը­սած է Ար­տակ Զա­քա­րեան: Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան ար­ձա­գան­գած է ը­սե­լով. «Ես այն­պէս հասկ­ցայ, որ մեր ա­ռա­ջար­կը կը մեր­ժէք: Ան­գամ մը եւս կար­դա­ցէք ՄԱԿ-ի հռչա­կա­գի­րը, ուր  զո­հե­րու մա­սին խօսք չկայ, ին­չո՞ւ մենք ար­հես­տա­կա­նօ­րէն կը ձե­ւա­ւո­րենք ա­տի­կա, երբ կրնանք ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու դա­տա­պարտ­ման ծի­րին մէջ նաեւ յար­գել ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու  զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, բայց տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ ու­նե­նալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի եր­կու օր` ա­ռանձ­նաց­նե­լով զա­նոնք: Ա­տով կը վնա­սենք  Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Պէտք է տրա­մա­բա­նու­թեան ծի­րին մէջ գոր­ծենք»: Ար­տակ Զա­քա­րեան պա­տաս­խա­նած է. «Տ­րա­մա­բա­նու­թեան ծի­րին մէջ է, չէի ու­զեր, որ դուք մտա­ծէք, թէ մենք ձեր ա­ռա­ջար­կը կը մեր­ժենք, կ­՛աշ­խա­տինք միա­սին, կը բա­րե­լա­ւենք օ­րէն­քը»:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ՀՅԴ խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տա­մեան իր կար­գին նշած է, որ միշտ կը խօ­սո­ւի այն մա­սին, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պէտք չէ խօ­սո­ւի միայն լաց ու կո­ծի ծի­րին մէջ, այլ նաեւ` պայ­քա­րի: «­Մենք ու­նինք հա­տուց­ման եւ պայ­քա­րի հե­րոս­ներ` Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան, Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեան եւ այլք, ո­րոնք պայ­քա­րած են եւ վառ պա­հած  ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի ո­գին: Ձե­ւա­կեր­պում­նե­րուն մէջ իս­կա­պէս պէտք է պայ­քար մատ­նան­շենք` կա՛մ դա­տա­պարտ­ման եւ կան­խար­գիլ­ման օր, կա՛մ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի օր», ը­սած է Ար­մէն Ռուս­տա­մեան: