«Դաշնակցութիւնը յանուն Արցախի». այս խորագիրը կը կրէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 124ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը, որ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ: Տօնակատարու թիւններուն վերջին հանգրուանը Ստեփանակերտն էր, ուր 21 Մարտին, Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան Պալատի մեծ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արցախի եւ Հ.Յ.Դ. քայլերգներով` «Մռակած» համոյթին եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի ու պարի պետական համոյթին կատարողութեամբ: Այնուհետեւ, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, ներկաները յարգեցին վերջին օրերուն ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին հերոսաբար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը:
Ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, որ շնորհաւորելով ներկաները` կարեւոր նկատեց Դաշնակցութեան անցած հայանուէր ճամբան, եւ անոր դերակատարութիւնը Արցախի ազատագրման, պետականութեան կայացման ու հայրենիքի շէնացման գործին մէջ:
Իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը:
Աշխարհի շուրջ երեք տասնեակ երկիրներէ շնորհաւորական ուղերձներ ուղարկած էին Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցին, Արցախի ժողովուրդին` Հ.Յ.Դ. 124ամեակին առիթով, որ տեսերիզով ներկայացուեցաւ ձեռնարկին:
Ելոյթով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ-վարչապետ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան, որ շեշտեց.- «Դաշնակցութիւնը, բառիս բուն իմաստով, այն կարգախօսքն է, որով արցախցիներս` անկախ գաղափարական, քաղաքական մօտեցումներէն, կրնանք մէկտեղել մեր կարողութիւնները, դիմակայելու թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին մարտահրաւէրները: Եւ միայն այս ձեւով Արցախի ժողովուրդը կրնայ ազդակ ուղարկել եւ իր շուրջը համախմբել համայն հայութիւնը։
«Մենք կարողութիւնը ունինք ակնկալելու, որ ազգը կը հասնի այն գիտակցութեան, թէ Դաշնակցութիւնը պատմական ազդակ է հայ իրականութեան մէջ, եւ իր գիտակցութեան չափով նիւթապէս կը նպաստէ Հ.Յ.Դ.ի գոյութեան եւ գործին:
Հ.Յ.Դ.ն աւանդական կուսակցութիւն է եւ այդ աւանդութեան մէջ է իր միութեան եւ նոյնութեան գաղտնիքը: Ան այնքան անփոփոխ չի մնար, որ հիննայ ու անպէտք դառնայ հանրային կեանքի ղեկավարութեան համար, բայց նաեւ այնքան չի փոխուիր, որ դառնայ յեղյեղուկ: Հ.Յ.Դ.ն իր բնոյթով կը մնայ նոյնը, բայց կը յարմարի կեանքին: Փոփոխութիւնները ոչ թէ կը բեկեն, այլ` կը հոսին, ոչ թէ կը յեղաշրջեն, այլ` կը բարեշրջեն»:
Հ.Յ.Դ.ի հրաւէրով Արցախ կը գտնուէր արմատներով Սուրիայէն, «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան հիմնադիր Գէորգ Շատոյեան: Տեղի ունեցաւ «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան ժամանակակից ձեւաւորմամբ ազգային տարազներու առաջին եւ բացառիկ ցուցադրութիւնը, որ, ինչպէս իր ելոյթին մէջ նշեց հեղինակը, նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ պիտի ցուցադրուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
Հ.Յ.Դ. 124ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը եզրափակուեցաւ՝ 104 տարի առաջ, Հ.Յ.Դ. 20ամեակին առիթով գրուած երգով` «Մենք ենք մեր սարերը» համոյթին կատարողութեամբ: