Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Քիւր­տիս­տա­նի վար­չա­պետ Պրն. ­Նի­ճիր­ֆան ­Պար­զա­նին, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Մար­տին, ըն­դու­նած է Պրն. ­Լե­ւոն ­Սարգ­սեա­նը` ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ Ի­րա­քի մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Կա­րէն Գ­րի­գո­ րեա­նը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­Քիւր­տիս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կայ­քէ­ջը:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը փո­խան­ցած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին ող­ջոյն­նե­րը ­Քիւր­տիս­տա­նի վար­չա­պե­տին։ Զ­րու­ցա­կից­նե­րը կա­րե­ւոր հա­մա­րած են հնա­գոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն` քիւր­տե­րու եւ հա­յե­րու մի­ջեւ, եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած ա­մուր կա­պեր հաս­տա­տե­լու Էր­պի­լի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ։ Այս առն­չու­թեամբ զրու­ցա­կից­նե­րը նշած են, որ պատ­րաստ են ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մա­տեղ բա­րե­կա­մու­թեան յանձ­նա­ժո­ղով՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Քիւր­տիս­տա­նի մի­ջեւ, ամ­րապն­դե­լու երկ­կողմ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող ո­լորտ­նե­րու` մշա­կու­թա­յին, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու զար­գա­ցու­մը:

­Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րած է, որ կը նա­խա­տե­սեն ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թիւն բա­նալ Էր­պի­լի մէջ, ինչ­պէս նաեւ սկսիլ հայ­կա­կան օ­դա­նաւ­նե­րու չո­ւերթ­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Էր­պի­լի եւ Ե­րե­ւա­նի մի­ջեւ։ Ն­շած է նաեւ, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­ւոր հա­տո­ւա­ծը պատ­րաստ է ներդ­րում­ներ ը­նե­լու ­Քիւր­տիս­տա­նի տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ, կոչ ը­նե­լով ­Քիւր­տիս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու եւ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու այդ նպա­տա­կին հա­մար:

Իր հեր­թին, ­Քիւր­տիս­տա­նի վար­չա­պե­տը, ող­ջու­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, յայտ­նած է իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը եւ գնա­հա­տան­քը Հ.Հ. նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին, գնա­հա­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ո­րո­շու­մը հիւ­պա­տո­սու­թիւն բա­նա­լու Էր­պի­լի մէջ, միեւ­նոյն ա­տեն իր լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է, հա­մա­տեղ բա­րե­կա­մու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ստեղծ­ման։ Ան յայտ­նած է, նաեւ, որ ­Քիւր­տիս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաստ է հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու ներդ­րու­մա­յին օ­րէնք­նե­րուն հա­մա­ձայն: