Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Գերագոյն Մարմինի անդամ Պետրոս Մեղրեան տեսակցած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինքինի հետ: Հանդիպումի ըն թացքին Աղուան Վարդանեան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործակցութիւնը, շեշտած է նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը, տեսակէտներու փոխանակումը երկկողմանի յարաբերութիւններու, միջազգային իրավիճակի եւ Հայաստանի ներ-քաղաքական անցուդարձի վերաբերեալ: Արմէն Ռուստամեան ներկայացուցած է Հ.Յ.Դ.ի քաղաքական օրակարգը, կուսակցութեան մօտեցումները երկրի հիմնական` ներ-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն վերաբերեալ: Ան անդրադարձած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու առնչութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն` հիմնաւորելով զանոնք: Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինքին, կարեւոր նկատելով նման հանդիպումները, նշած է, որ Հայաստան եւ Ռուսիա ռազմավարական դաշնակիցներ են, եւ Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցիլը աւելի կը սերտացնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները: Հանդիպումի ընթացքին, Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչներուն առաջարկով քննարկուած է նաեւ Գիւմրիի ողբերգութեան նախաքննութեան ընթացքը: