karabakh-life.am կայքը կը հաղորդէ, որ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ, այս տարի, ցանքի տարածութիւնները կը կազմեն 500 հեքթար՝ ցանուած են գարի ու ցորեն։ Համայնքի ղեկավար Արսէն Թելունց Իշ խանաձորի զարգացման կշռոյթները գերազանց կը համարէ.- «Մեծ տարբերութիւն կը նկատուի վերջին տարիներուն։ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ երկու ընտանիքի համար բնակարան կառուցուած է։
«Թիւֆէնքեան» եւ «Քաշաթաղ» հիմնադրամներու միջոցներով կառուցուած է տասը բնակարաններ պարփակող շէնք, իսկ Մայիսին շահագործման պիտի յանձնուի տասը տուն՝ ազգային վիճակահանութեան հասոյթով կառուցուած։ Ընդհանուր թուով՝ վիճակահանութեան հասոյթով, Իշխանաձորի մէջ պիտի կառուցուի 37 բնակարան»,- կը տեղեկացնէ գիւղի ղեկավարը։ Իշխանաձորի զարգացման մասին կը հաստատէ նաեւ դպրոցին մէջ աշակերտներու քանակի աճը։ 2014ին, 2013ի համեմատ 15ով աւելցած է դպրոցականներու թիւը։ Աճի նոյն կշռոյթները կը նկատուին նաեւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներու մօտ»։ 2013ին, տարիքային այդ խումբին մէջ, ունէինք քսանհինգ երեխայ, իսկ հիմա անոնց թիւը հասած է քառասունի»։
Համայնքի ղեկավարը կ՚ընդգծէ, որ նախադպրոցական հաստատութեան հարցը հրատապ կը դառնայ, յատկապէս այն առումով, որ Իշխանաձորը շատ հայրենադարձներու համար նախընտրելի բանակավայր դարձած է։ «Վերջին երկու շաբթուան մէջ տասը ընտանիք ընդունած ենք։ Փափաքողները շատ են։ Պարզապէս, մէկ անգամէն չենք կրնար բոլորին ընդունիլ։ Բնակելի տուներ չունինք, կան փլատակներ, որոնց վերանորոգման համար կառավարութիւնը կ՚օժանդակէ շինանիւթով։ Սակայն, համայնքին մէջ ընթացող բնակարանաշինութիւնը զգալիօրէն պիտի նպաստէ խնդիրի լուծման»,- կը վստահեցնէ համայնքի ղեկավարը։
Իշխանաձորը հայրենադարձներուն կը գայթակղեցնէ իր կլիմայական պայմաններով. «Հողը բերրի է, եղանակը բարեխառն, Արաքսը մօտիկ։ Աշխատող գիւղացիի տեղ է»,- կ՚ըսէ Արսէն Թելունց։
Նշենք, որ Իշխանաձորը 2013ին ունէր 200 բնակիչ։ Այսօրուայ դրութեամբ բնակիչներու թիւը հասած է 244ի։ Բնակավայրը ունի քաղաքի կարգավիճակ, սակայն, զբաղումի ոլորտը, հիմնականին մէջ, գիւղատնտեսութիւնն է։