Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախագահ Սարգսեան սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու ծրագ­րին շուրջ, խորհրդակ­ցա­կան հան­դի­պումներ ու­նե­նալէ ետք եօթը կու­սակցու­թեանց ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու, նե­րառեալ ընդդի­մադիր­նե­րու (բա­ցի Հայ Ազգային Կոնգրէէն – Հ.Ա.Կ.) հետ, ժո­ղով գու­մա­րած է մաս­նա­ գիտա­կան յանձնա­ժողո­վին հետ:

Հանրապետութեան նախագահը, քննար­կե­լէ ետք իր ունեցած հան­դի­պումնե­րուն ար­դիւնքնե­րը, յայտնած է, թէ զա­նազան կար­ծիքներ ար­տա­յայ­տուած եւ առա­ջարկներ կա­տարուած են: Ան նշած է, թէ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րը անհրա­ժեշ­տութիւն են երկրի բա­րօրու­թեան հա­մար՝ յայտնե­լով այն կար­ծի­քը, թէ հարկ է նաեւ ատոր հա­մար քա­ղաքա­կան մե­ծագոյն զօ­րակ­ցութիւն: Շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է մաս­նա­գիտա­կան յանձնա­ժողո­վի ան­դամնե­րուն՝ իրենց տա­րած աշ­խա­տան­քին եւ պատ­րաստած տե­ղեկագ­րին հա­մար, ուր հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւններ տրուած են խորհրդա­րանա­կան վար­չա­ձեւի անցնե­լու անհրա­ժեշ­տութեան ի նպաստ:

«Ի հար­կէ, կա­ռավար­ման խորհրդա­րանա­կան հա­մակար­գին անցնե­լու վե­րաբե­րեալ մաս­նա­գիտա­կան յանձնա­ժողո­վի փաս­տարկներն ու հիմ­նա­ւորումնե­րը ծան­րակշիռ են։ Աւե­լին՝ նոյն Վե­նետի­կի Յանձնա­ժողո­վը եւս գտնում է, որ կա­ռավար­ման խորհրդա­րանա­կան հա­մակար­գը կա­րող է ամ­րապնդել ժո­ղո­վրդա­վարու­թիւնը Հա­յաս­տա­նում»,- ըսած է նա­խագա­հը:

Նա­խագա­հ Սարգսեան, ան­ցումա­յին այդ հո­լովոյ­թին առն­չուող որոշ մտա­վախու­թիւններ ալ յայտնե­լով հան­դերձ (ինչպէս ար­տա­քին եւ ներ­քին ապա­հովու­թեան հար­ցե­րը, վար­չա­ձեւի կա­յու­նութեան խնդի­րը), մաս­նա­գիտա­կան յանձնա­ժողո­վի ան­դամնե­րուն ըսած է.- «Այս ամէ­նով հան­դերձ, ես քա­ղաքա­կան հա­ւանութիւն կը տամ հա­յեցա­կար­գին, որով­հե­տեւ հա­մոզուած եմ, որ պար­տա­ւոր ենք օգ­տա­գոր­ծել մեր պե­տու­թեան հա­մար դրա­կան զար­գա­ցում ապա­հովող ցան­կա­ցած հնա­րաւո­րու­թիւն։ Առա­ւել եւս, որ իմ հան­դի­պումնե­րի ժա­մանակ քա­ղաքա­կան որե­ւէ ուժ առար­կութիւն չի ու­նե­ցել հա­յեցա­կար­գի հաս­տատման վե­րաբե­րեալ։

Միաժա­մանակ խնդրում եմ ձեզ նա­խագծել սահ­մա­նադ­րա­կան այնպի­սի կար­գա­ւորումներ, որոնք աներկբայ կ՚երաշ­խա­ւորեն կա­ռավար­ման աւե­լի ժո­ղովրդա­վարա­կան մո­դէլի ներ­դաշնակ հա­մատե­ղու­մը պե­տու­թեան անվտան­գութեան եւ կա­յու­նութեան հետ»։ 
Սերժ Սարգսեան որո­շած է, որ մաս­նա­գիտա­կան յանձնա­ժողո­վը քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու հետ կազ­մա­կեր­պէ եւ կա­տարէ քննար­կումներ՝ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու հա­յեցա­կար­գին նկատ­մամբ անոնց ներ­կա­յացու­ցած առա­ջարկնե­րուն եւ դի­տողու­թիւննե­րուն շուրջ:

Իսկ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի նա­խագահ Գա­գիկ Յա­րու­թիւնեան յայ­տա­րարած է, թէ Սահ­մա­նադ­րութեան բա­րեփո­խուած հա­յեցա­կար­գը մին­չեւ 10 ամիս վերջնա­պէս պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Ազ­գա­յին Ժո­ղովին: