Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լ.Ղ.Հ. մար­դա­հա­մա­րի նա­խա­պատ­րաստ­ման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հա­մա­պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին նիս­տը տեղի ունեցաւ, զոր վա­րեց յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ, փոխ-վար­չա­պետ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տուու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժի­նը: Ա. Ա­ղա­բե­կեան յոր­դո­րած է շա­հագր­գիռ մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն՝ ներգ­րա­ւուիլ հա­մա­պե­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան մէջ, զայն պատ­շաճ մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար: ­Մին­չեւ հիմ­նա­կան մար­դա­հա­մա­րի կազ­մա­կեր­պու­մը ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ ­Մարտ 17-26ին տե­ղի կ’ու­նե­նայ փորձ­նա­կան մար­դա­հա­մար` հիմ­նա­կան մար­դա­հա­մա­րի մե­թո­դա­բա­նու­թեան, կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու, նիւ­թե­րու մշակ­ման ծրա­գիր­նե­րու եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու փոր­ձարկ­ման նպա­տա­կով:

­Նիս­տին յանձ­նա­ժո­ղո­վի հաս­տատ­ման դրո­ւած է փորձ­նա­կան մար­դա­հա­մա­րի նա­խա­պատ­րաստ­ման, ի­րա­կա­նաց­ման եւ նիւ­թե­րու մշակ­ման ծրա­գի­րը: Ա­նի­կա յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ազ­գա­յին ­Վի­ճա­կագ­րա­կան ­Ծա­ռա­յու­թեան (Ա.Վ.Ծ.) նա­խա­գահ ­Կա­րէն ­Ներ­սի­սեան: Ան նշած է, որ ծրագ­րի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լը ա­ւար­տած է, եւ ­Մարտ 17էն պի­տի սկսի երկ­րորդ փու­լը: ­Փորձ­նա­կան մար­դա­հա­մա­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի Ս­տե­փա­նա­կեր­տի, ­Մար­տա­կեր­տի եւ ­Հատ­րու­թի շրջան­նե­րու ­Հա­թերք եւ ­Տող հա­մայնք­նե­րուն մէջ` ընդգր­կե­լով հան­րա­պե­տու­թեան բնակ­չու­թեան ոչ պա­կաս, քան 1 տո­կո­սը:

Ա.Վ.Ծ. նա­խա­գա­հի մար­դա­հա­մա­րի գծով տե­ղա­կա­լը՝ մար­դա­հա­մա­րի վար­չու­թեան պետ ­Մի­քա­յէլ ­Սո­ղո­մո­նեան զե­կու­ցած է, որ աշ­խա­տանք­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ են Լ.Ղ.Հ. քար­տէս­նե­րը` բնա­կա­վայ­րե­րու ա­նո­ւա­նում­նե­րով, քա­ղաք­նե­րու քար­տէս­նե­րը` փո­ղոց­նե­րու ա­նո­ւա­նում­նե­րով եւ շէն­քե­րու թի­ւե­րով, ինչ­պէս նաեւ գիւ­ղե­րու ու­րո­ւագ­ծա­յին յա­տա­կա­գի­ծե­րը: