Մարտ 17-ին, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնոյ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Հ.Յ.Դ. Գ.Մ. անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան եւ աշխատակից Պետօ Տէմիրճեան հիւրընկալեցին «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչներ՝ Եւրոխորհրդարանի անդամ, սոցիալ-դեմոկրատներու խմբակցութեան փոխնախագահ Կնուտ Ֆլեկենշտայնին եւ Վրաստանի Սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահ, խորհրդարանի անդամ Գիա Ջորջոլիանին: Քննարկուեցան հետագայ համագործակցութիւնը, գործընկերային յարաբերութիւնները: Աղուան Վարդանեան ներկայացուց Դաշնակցութեան անցած ուղին: «Ուրախ ենք «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի մեր գործընկերներին ընդունել Հայաստանում: Գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրեմ, որ մեր եւրոպացի գործընկերների հետ այսօր էլ՝ ԵՏՄ-ին անդամակցելուց յետոյ, կարողանում ենք գտնել համագործակցութեան եզրեր»,- նշեց Վարդանեան: Կողմերը քննարկեցին Եւրոպական խորհրդարանի սոցիալ-դեմոկրատական խմբակցութեան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործակցութեան կարեւոր ուղղութիւնները: